Search
Close this search box.

Կոմիտաս արք. Օհանեան նշանակուած է Կիպրոսի հայոց թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ

 

Արամ Ա. կաթողիկոս հայրապետական գիրով Կոմիտաս արք. Օհանեանը նշանակած է Կիպրոսի հայոց թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ։

«Կ՚ուզենք յայտնել մեր ժողովուրդի սիրելի զաւակներուն, յատկապէս Կիպրոսի հայութեան, թէ Արամ Ա. Սրբազնագոյն կաթողիկոսը, Հայրապետական գիրով, Գերշ. Տ. Կոմիտաս արքեպիսկոպոս Օհանեանը նշանակեց Կիպրոսի Հայոց թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ: Սրբազան հայրը շուտով պիտի ստանձնէ իր նոր առաքելութիւնը:

Կոմիտաս սրբազան անցնող տասնամեակներու ընթացքին վանական ու թեմական զանազան պաշտօններ վարած է Սուրիոյ, Յունաստանի եւ Վենեզուելայի մէջ: Դպրեվանքը աւարտելէ ետք, ան իր աստուածաբանական բարձրագոյն ուսումը ստացած է Սելանիկի համալսարանին մէջ»,– նշուած է այս առթիւ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ։