Կովկասի բնութեան գրաւիչ հրաշալիքները. Խոսրովի անտառն ու «Դիլիջան» դարաստանը «Forbes»-ի առաջարկած զբօսաշրջային ցանկին մէջ

Հայաստանի բնութեան հրաշալիքներէն «Խոսրովի անտառ» պետական արգելոցն ու «Դիլիջան» ազգային դարաստանը ընդգրկուած են «Forbes»-ի առաջարկած նախընտրելի զբօսաշրջային վայրերու ցանկին մէջ: «Կովկասի բնութեան հինգ գրաւիչ հրաշալիքները» խորագրով գրութեան մէջ, հեղինակը կ՚առաջարկէ վայելել ազգային զբօսայգիներու եւ բնութեան արգելոցներու տպաւորիչ գեղեցկութիւնը:

Ներկայացնելով «Խոսրովի անտառ» պետական արգելոցը՝ կը նշուի, թէ ան ստեղծուած է 300-ական թուականներուն, Խոսրով 3-րդ թագաւորին հրահանգով ստեղծուած անտառին մէկ բաժնին մէջ։

«Արդի շրջանին, գիհի (juniper) և կաղնիի ծառերով հարուստ այս անտառային տարածքը յայտնի է բուսական եւ կենդանական աշխարհի բազմազանութեամբ, գիշատիչներով՝ գայլ, լուսան (lynx), գորշ արջ: Երջանիկ այցելուները հոն կրնան տեսնել նաեւ ընձառիւծներ»,– նշուած է  հրատարակութեան մէջ:

Հայաստանի բնութեան հրաշալիքներէն յաջորդ առաջարկուածը «Դիլիջան» ազգային դարաստանն է, որ հարուստ է հսկայական անտառներով, ինքնատիպ Ֆաունուսով ու դարաւոր կառոյցներով, որ կը գտնուի Հայաստանի սրտին վրայ։ Տարածաշրջանը կ՚առանձնանայ իւրայատուկ հայկական թռչուններով, կաթնասուններով, երկկենցաղներով, սակայն զբօսաշրջութեան համար այս նշանակալի տեսարժան վայրը կ՚առնչուի տեղւոյն բնակիչներուն հետ:

«Դիլիջան կը գտնուին բազմաթիւ պատմական կրօնական կառոյցներ, ի շարս որոնց՝ Հաղարծին վանքը, ինչպէս նաեւ Գոշավանքը՝ հսկայական համալիր, որ կառուցուած է, շուրջ 800 տարի առաջ։ Բնութեան հրաշքը վայելելէ բացի, այցելուները կրնան զբօսնուլ Դիլիջան քաղաքին մէջ, որ նշանաւոր է իր ինքնատիպ ճարտարապետութեամբ»,– գրած  է Forbes: