Search
Close this search box.

Կորսնցուցինք մեր աւագ եղբայրը՝ Ստեփան Պօղոսեանը

Ելգիր մը… որու ընթերցումէն կայ առա՛ջն ու… վե՛րջը, որ այլեւս երբեք պիտի չըլլայ առաջուան նման։ Որդին է մեզի գրողը, որ կը գուժէ իր հօր՝ Ստեփան Պօղոսեանի մահը, Նոյեմբեր 4-ին։ Սրտի աննկարագրելի ճմլումով կը տեղեկանանք մեր աւագ եղբօր անդարձ մեկնումին։ 

Ճիշդ է, նկատի ունենալով իր վերջին առողջական խնդիրները, մի՛շտ մեր մտքերուն մէջ ներկայ էր յոռեգոյն մտավախութիւնը, բայց եւ այնպէս հակառակ յառաջացեալ տարիքին՝ մինչեւ վերջին շունչը ան պահպանած ըլլալով իր մտային բովանդակ պայծառութիւնը՝ կ՚ուզէինք համոզուիլ, որ դեռ հիմա չէ, հիմա չէ, որ մեզ պիտի թողու իրմէ զուրկ աշխարհի մը մէջ։ Եւ սակայն բնութիւնը չշեղեցաւ իր օրէնքներէն, թէկուզ քիչ մը եւս «բարեսիրտ» չգտնուեցաւ բարիին, ազնիւին, արժանաւորին նկատմամբ։

Որքան ալ դժուար ըլլայ մեզի հաշտուիլ այս բառին հետ՝ հիմա պիտի ստիպուինք գործածել զայն. ողբացեալը ծնած էր 1932-ին Մարսիլիա, Ցեղասպանութենէն ճողոպրածներու ընտանիքի մը երդիքին տակ։ Դեռ հազիւ պատանի, սկսած է շապիկ հագուիլ Մարսիլիոյ եկեղեցիներուն մէջ, ապա դարձած աւագ սարկաւագ։ Եկեղեցին իր ամէն ինչն էր, ա՛նկարելի էր որ ժամերգութեան մը ներկայ չըլլայ, չմասնակցի, եւ այսպէս մինչեւ… իր կեանքի վերջին Կիրակին։

Ստեփան Պօղոսեան իր թոռան՝ Ստեփանի՝ «աչքին լոյսին» հետ, Սէնթ Մարկրիթի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ

 

Ողբացեալը եկեղեցականէն անդին իր լուման բերած է նաեւ համայնքի աշխարհական կեանքին։ Տարիներով եղած է Մարսիլիոյ ՀԲԸՄ-ի քարտուղար, ապա նաեւ Սպիտակի երկրաշարժէն ետք՝ SOS-Arménie-ի։

Չափազանցութիւն պիտի չըլլար ըսել, որ Ստեփան Պօղոսեան Մարսիլահայութեան վերջին Մոհիկանն էր, անոր շրջուն հանրագիտարանը։ Եւ ո՞վ աւելի քան ինք, կրնար գրել Ցեղասպանութենէն մազապուրծ Հայութեան գիրկ բացած այդ քաղաքի հայ համայնքի պատմութիւնը, եւ դեռ խորանալով անոր արմատներուն մէջ։ Այսպէս, 2009-ին իր գրիչէն լոյս կը տեսնէր «Մարսիլիոյ հայ համայնքը. անոր պատմութեան չորս դարերը» (« La communauté arménienne de Marseille: Quatre siècles de son histoire ») հատորը, հեղինակաւոր «Լ՚Արմաթան» հրատարակչատունէն։ 

Բայց մեզի՝ նախ «Յառաջ»-ի եւ այնուհետեւ «Նոր Յառաջ»-ի ընտանիքին համար ա՛լ աւելի իւրայատուկ էր Ստեփան Պօղոսեանի տեղն ու արժէքը։ 

Ան գրեթէ կէս դար աշխատակցած է յաջորդաբար վերոնշեալ զոյգ թերթերուն, յատկապէս եկեղեցական, պատմական, համազգային, համայնքային այլապէս շահեկան նիւթերով, որոնք միշտ արժանացած են բոլորին գնահատանքին։ «Նոր Յառաջ»-ին երբե՜ք, երբե՜ք չէ զլացած թղթակցութիւններ ալ ապահովել մարսիլահայ գաղութի զանազան անցուդարձերու։ Միայն դեռ վերջերս, իննսունը թեւակոխած՝ քիչ մը նուազ ինքնավստահութեամբ կը խոստանար ներկայ ըլլալ այս կամ այն ներկայացման, արարողութեան, միշտ կրկնելով «միտքս յօժար է, մարմինս՝ տկար. եթէ ուժը գտնեմ՝ սիրո՛վ»։ 

Վստահաբար «մաշած» ձեւաբանում մը պիտի ըլլայ հետեւեալը, բայց ի բացակայութեան լաւագոյնին՝ ըսենք, որ բառարաններու մէջ հեզահամբոյր բառին որպէս հոմանիշ անվարան կարելի էր բնութագրել իր անձը։ 

Նաեւ՝ ՄԵԾ համեստ մը։ Ընթերցանութեան մոլի, այնքա՜ն ընդարձակ գիտելիքի տէր էր, որ ինչ ալ ըլլար արծարծուած նիւթը՝ շշմած կը լսէիք իր բերած մանրամասնութիւնները։ Բայց առանց երբեք որեւէ գոռոզութեան։ Անձայն-անշշուկ մտաւորական մը։ 

* * *

Տողերս ստորագրողը շուրջ չորս տասնամեակէ ի վեր լրագրական աշխատանքի բերմամբ ծանօթ ըլլալով հանդերձ իրեն («Նոր Յառաջ»-ի շրջանէն սկսեալ՝ անձնապէս, հեռաձայնով), երբեք առիթը չէր ունեցեր դէմ առ դէմ հանդիպում ունենալու։ Այս տարի Օգոստոսին, շատոնց մտադրեալ ուխտագնացութեան մը նման, գացինք ու տեսանք զինք։ Անմոռանալի քանի մը ժամ անցուցինք միասնաբար՝ ինք եւ իր սիրասուն «կէսը»՝ տիկին Հերմինէն (ան ալ հայ գիրի ու գրականութեան յոգնատանջ ծառայ մը, որ տարիներով սերունդներ դաստիարակած է մարսիլահայ վարժարաններու մէջ), ես եւ ընտանիքս։ Բաժնուեցանք, այս հաճելի հանդիպումը ա՛նպայման կրկնելու երկուստեք խոստումով…։ 

Մեր աւագ եղբայրը կը մեկնի իր գրասեղանին վրայ անաւարտ թողլով Ատափազարի (իր ծնողաց հայրենիքը) ու ատափազարցիներու մասին ամիսներէ ի վեր ծրագրած ստուար գրութիւնը, զոր սկսեր էր գրի առնել թերթիս համար։ 

Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի։

* * *

Մեր խորին վշտակցութիւնները իր այրիին՝ Տիկին Հերմինէին, զաւակներուն՝ Թորգոմին եւ Մեսրոպին, թոռներուն եւ համայն ընտանիքին։ 

Յ. Կ. ■