Search
Close this search box.

ԿՐԱՆԱՏԱ – Քառակողմ հանդիպումը

Փաշինեանի, Մաքրոնի, Միշէլի եւ Շոլցի միացեալ յայտարարութիւնը

Ի բացակայութեան Ալիեւի, վարչապետ Փաշինեան, նախագահ Մաքրոն, Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Միշէլ եւ Գերմանիոյ վարչապետ Շոլց ունեցած են քառակողմ հանդիպում մը, որմէ ետք կողմերը հրապարակած են միացեալ յայտարարութիւն մը, ուր յատկապէս նշուած է.

«(…) Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շառլ Միշէլ, Ֆրանսայի նախագահ Էմանիւէլ Մաքրոն եւ Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլց ընդգծեցին իրենց անսասան աջակցութիւնը Հայաստանի անկախութեան, ինքնիշխանութեան, հողային ամբողջականութեան եւ սահմաններու անձեռնմխելիութեան։

Անոնք նաեւ իրենց աջակցութիւնը յայտնեցին ԵՄ-Հայաստան յարաբերութիւններու ամրապնդման՝ բոլոր հարթութիւններու վրայ, մեկնելով Հայաստանի Հանրապետութեան կարիքներէն։ Անոնք համաձայնեցան Հայաստանին յաւելեալ մարդասիրական օգնութիւն տրամադրել, քանի որ ան կը դիմագրաւէ Արցախի Հայերու վերջին զանգուածային տեղահանման հետեւանքները։

Ընդգծեցին, որ այդ գաղթականները պէտք է ազատօրէն օգտուին իրենց տուներն ու բնակութեան վայրերը վերադառնալու իրաւունքէն՝ առանց որեւէ նախապայմանի, միջազգային դիտորդութեան ներքոյ եւ՝ իրենց պատմութեան, մշակոյթի եւ մարդկային իրաւանց նկատմամբ պատշաճ յարգանքով։

Անոնք (Միշէլ, Մաքրոն եւ Շոլց – «ՆՅ») հաւատարիմ կը մնան Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղուած բոլոր ջանքերուն՝ հիմնուած մէկզմէկու ինքնիշխանութեան, սահմաններու անձեռնմխելիութեան եւ հողային ամբողջականութեան (Հայաստանի 29.800 քառ. քմ. եւ Ազերպայճանի 86.600 քառ. քմ.) փոխադարձ ճանաչման վրայ, ինչպէս նշուած է նախագահ Միշէլի 2023 Մայիս 14-ի եւ Յուլիս 15-ի յայտարարութիւններուն մէջ։ Անոնք կոչ ըրին խստօրէն պահպանել ուժի եւ ուժի սպառնալիքի բացառման սկզբունքը։

Ընդգծեցին՝ կողմերուն տրամադրուած ԽՍՀՄ Գլխաւոր հրամանատարութեան ամենավերջին քարտէսներուն վրայ հիմնուելով՝ երկու երկիրներու սահմանազատման ուղղութեամբ աշխատելու հրատապ անհրաժեշտութիւնը, որ պէտք է նաեւ հիմք հանդիսանայ ուժերը ետ քաշելու, խաղաղութեան պայմանագիրը վերջնական տեսքի բերելու եւ մարդասիրական բոլոր խնդիրները լուծելու։ Անոնք կոչ ըրին աւելի լայնածիր տարածաշրջանային համագործակցութեան եւ բոլոր սահմաններու,– ներառեալ՝ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ,– բացման։

Անոնք կոչ ըրին նաեւ երկիրներու ինքնիշխանութիւնն ու իրաւազօրութիւնը լիակատար յարգելու, ինչպէս նաեւ հաւասարութեան եւ փոխադարձութեան սկզբունքներու վրայ հիմնուած՝ տարածաշրջանային հաղորդակցութեան միջոցները բանալու։ 

Հուսկ, եւրոպացի առաջնորդները Հայաստանին եւ Ազերպայճանին կոչ ըրին ազատ արձակելու բոլոր ձերբակալուածները եւ համագործակցելու՝ անհետացածներու ճակատագրին լուծում տալու, ինչպէս նաեւ ականազերծման աշխատանքները դիւրացնելու ուղղութեամբ»։