Search
Close this search box.

ԱՄՆ-ու Կրօնական ազատութեան յանձնաժողովը Արտաքին գործոց նախարարութեան կոչ ըրած է ճնշում գործադրելու Պաքուի վրայ

Միջազգային կրօնական ազատութեան գծով ԱՄՆ-ու յանձնաժողովը կոչ ըրած է երկրի իշխանութիւններուն, մասնաւորաբար Արտաքին գործոց նախարարութեան՝ Ազերպայճանը ներառելու կրօնական ազատութեան խախտումի բերմամբ՝ հսկողութեան ենթակայ երկիրներու ցանկին մէջ։ Այս նիւթը արծարծուած է 2023-ի կրօնական ազատութեան գծով ԱՄՆ-ու յանձնաժողովի զեկոյցին մէջ։

Եթէ կառավարութիւնը որեւէ երկիր ներառէ այդ ցանկին մէջ, ԱՄՆ-ու Գոնկրէսին կը վերապահուի ազդեցութեան ոչ-տնտեսական միջոցներ ձեռնարկել։ Եթէ անոնք սպառին՝ կը ձեռնարկուի տնտեսական բնոյթի միջոցներու ։

 Զեկոյցին մէջ նշուած է, թէ Ազերպայճանի կրօնական ազատութեան եւ հաւատացեալներու իրաւունքներու խախտումը կը վերաբերի թէ Արցախի եւ անոր բնակչութեան, եւ թէ՛ հաւատացեալ մահմետականներու իրաւունքներուն։

 Արցախի վերաբերող զեկոյցին մէջ կը յիշատակուի Բերձորի միջանցքի շրջափակումը եւ Արցախի դէմ ռազմական գործողութիւնները, որոնք յանգեցուցին աւելի քան 100 հազար Հայերու զանգուածային գաղթին։ Միաժամանակ կը խօսուի Արցախ մնացած պատմական եւ մշակութային յուշարձաններու (այդ կարգին՝ կրօնական) պահպանման վտանգներու մասին։

2022 Փետրուարին ՄԱԿ-ի միջազգային ատեանին կայացուցած որոշումով Ազերպայճան պէտք էր դադրեցնէր ատելութեան եւ ցեղային խտրականութեան հրահրումը Հայերու դէմ եւ անհրաժեշտ բոլոր միջոցներու ձեռնարկէր հայկական մշակութային ժառանգութիւնը թիրախաւորող վանդալական արարքները պատժելու համար։

2023 Մայիսին Ազերպայճանի՝ կրօնական կազմակերպութիւններու հետ աշխատանքի գծով պետական կոմիտէի նախագահ Մուպարիզ Ղուրպանլը կոչ ըրած էր հայ եկեղեցականներուն լքելու Դադիվանքը, որուն հետ,– ինչպէս ինք յայտարարած էր,– անոնք որեւէ կապ չունին։ Թէեւ 2023 Հոկտեմբերին Արցախ այցելած ՄԱԿ-ի առաքելութիւնը կրօնական եւ մշակութային յուշարձաններու նկատմամբ վնասներ չէր յայտնաբերած, սակայն մարդկային իրաւանց պաշտպանութեան միջազգային կազմակերպութիւնները շարունակած են յորդորել Պաքուին՝ զերծ մնալ մշակութային յուշարձաններու նկատմամբ վանդալական արարքներէ եւ ապահովել անոնց պաշտպանութիւնը։

***

Զեկոյցին մէջ տեղ գտած են նաեւ շարք մը այլ հարցեր։ Մասնաւորաբար, 2021-ին, օրէնսդրութեան մէջ տեղի ունեցած նոր փոփոխութիւններու համաձայն, կրօնական առաջնորդները իւրաքանչիւր հինգ տարին անգամ մը պէտք է պետական վաւերացում ստանան։ 2022-ին Կովկասի մահմետականներու վարչութիւնը կորսնցուց իմամներ նշանակելու եւ մզկիթներ արձանագրելու իրաւունքը, որ վստահուեցաւ վերոնշեալ պետական վարչութեան։ Բացի ատկէ, պետական հսկողութիւն սահմանուած է կրօնական կազմակերպութիւններու ի նպաստ կազմակերպուող հանգանակութիւններու նկատմամբ։

 

Պլինքըն եւս կոչ կ՚ընէ դադրեցնելու կրօնական փոքրամասնութիւններու եւ անոնց պաշտամունքի վայրերուն վրայ յարձակումները

ԱՄՆ-ու Արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն եւս անդրադարձած է  կրօնական փոքրամասնութիւններու ենթարկուած յարձակումներու հարցին, բայց աւելի ընդհանրական ձեւով. «Կառավարութիւնները պէտք է վերջ տան այնպիսի չարաշահումներուն, ինչպէս՝ յարձակումները կրօնական փոքրամասնութիւններու համայնքներու անդամներուն եւ անոնց պաշտամունքի վայրերուն վրայ, համայնքային բռնութիւնը եւ ազատ արտայայտութեան հետեւանքով երկարատեւ բանտարկութիւնը, անդրազգային ճնշումներն ու կրօնական համայնքներու նկատմամբ բռնութեան կոչերը, ի շարս այլ խախտումներու, որոնք տեղի կ՚ունենան աշխարհի տարբեր վայրերու մէջ»,– յայտարարած է ան։

 

Արցախի մէջ Ազերպայճանի կողմէ յուշարձաններու նկատմամբ վանդալական արարքներու տասնեակ դէպքեր արձանագրուած են

Վերոնշեալ զեկոյցը յղումներ ըրած է Քորնելի համալսարանի Caucasus Heritage Watch հետազօտական նախաձեռնութեան։ Ամերիկացի հետազօտողներու խումբը արբանեակային պատկերներով արձանագրած է Ազերպայճանի վերահսկողութեան տակ անցած Հադրութի Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ աւերումը։ Ամերիկեան ամենամեայ փաստաթուղթին հեղինակները յիշեցուցած են հայկական յուշարձաններէն Հայութեան հետքը վերացնելու՝ Պաքուի պետական մակարդակով անթաքոյց քաղաքականութիւնը։

«2023 Սեպտեմբերի դէպքերէն յետոյ, երբ Արցախը ամբողջովին հայաթափուեցաւ, վանդալական արարքները բազմացան յատկապէս Ասկերանի եւ Ստեփանակերտի մէջ»,– հաստատած է Monument Watch-ի պատասխանատուներէն Հայկուհի Մուրադեան։

Ազերպայճանի՝ հայկական եկեղեցիներու ապահայկականացման քաղաքականութիւնը

Միւս կողմէ, երկար տարիներ Արցախի մէջ ուսումնասիրութիւններ կատարած պատմական գիտութիւններու փրոֆ. Համլետ Պետրոսեան անգամ մը եւս կ՚անդրադառնայ  Ազերպայճանի իշխանութիւններուն՝ Հայկական եղեղեցիները ապահայկականացնելու քաղաքականութեան։

“Կրօնական ազատութիւններու առումով առաւել կարեւոր է Ազերպայճանի քաղաքականութեան այն սլաքը, որ ուղղուած է հայկական սրբավայրերը ապահայկականացնելու, որ ամէնէն դաժանն է։ Պատկերացուցէք՝ Գանձասարի վանքը, Դադիվանքը, Գտչավանքը, որոնք հազարաւոր տարիներէ ի վեր եղած են Հայերու սրբազան կեդրոնները, Ազերպայճան կը յայտարարէ ոչ-հայկական”,– շեշտած է ան։

Գիտնականը կ՚ըսէ՝ սա պահուս տարբեր հաշուարկներով Պաքուի վերահսկողութեան տակ է չորսէն վեց հազար յուշարձան, ի շար,ս որոնց՝ եկեղեցիներ, խաչքարեր, ամրոցներ։ Ըստ Համլետ Պետրոսեանի՝ անոնց չնչին մէկ մասը մահմետական է. “Այդ յուշարձաններու մօտաւորապէս 15-20 տոկոսը կը վերաբերի նախաքրիստոնէական ժամանակաշրջանին։ Ան կը սկսի հին քարէ դարէն, յատկապէս շատ հարուստ են պրոնզէ եւ երկաթէ դարերուն կերտուած յուշարձանները”։