Search
Close this search box.

Կրօնական խօսքէ ու քաղաքական ծրագրէ զուրկ եկեղեցականը

«Տաւու­շը յա­նուն հայ­րե­նիքի» շարժումի Մա­յիս 4-ին մեկ­նարկած եր­թը Երե­ւանի Հան­րա­պետու­թեան հրա­պարակ հա­սաւ Մայիս 9-ին։ Բագ­րատ սրբա­զան խօսք առ­նե­լով պա­հան­ջեց վար­չա­պետ Փա­շինեանի հրա­ժարա­կանը։ Հա­ւաքուած բազ­մա­հազար բազ­մութիւ­նը կը յի­շեց­նէր 2018-ի Նի­կոլ Փա­շինեանի Թաւ­շեայ յե­ղափո­խու­թիւնը, միայն այն տար­բե­րու­թեամբ որ այն ժա­մանակ ժո­ղո­վրդա­յին ընդվզու­մը կա­շառակե­րու­թեան եւ խար­դա­խուած ընտրու­թիւննե­րու դէմ էր, իսկ ներ­կա­յի ընդվզման պատ­ճառն է ազե­րական սպառ­նա­լիքին դի­մաց հա­յու­թեան խո­ցուած ազ­գա­յին ար­ժա­նապատ­ւութիւ­նը։ 

Սրբա­զան հօր պա­հան­ջը շատ լուրջ հար­ցա­կան­ներ կը ստեղ­ծէ։ Ան­տե­սելէ զատ հայ­կա­կան բա­նակի դի­մադ­րա­կանութեան կա­րողու­թիւնը, Ռու­սաստա­նի եւ Արեւ­մուտքի կող­մէ՝ Հա­յաս­տա­նի պաշտպա­նութեան երաշ­խիքնե­րու բա­ցակա­յու­թիւնը, ան նաեւ կը թե­րագ­նա­հատէ թուրքե­ւազե­րական ռազ­մա­կան հզօ­րու­թիւնը։ «Հայ, Հա­յաս­տան, հայ­րե­նիք, Աս­տուած» լո­զունգը, որ տե­սանե­լի էր Հան­րա­պետու­թեան հրա­պարա­կի տա­ղաւա­րին վրայ՝ ինքնու­թե­նական, հայ­րե­նասի­րական, կրօ­նական ան­կա­պակից բա­ռերով, կ՚ապա­ցու­ցէ լուրջ քա­ղաքա­կան ծրա­գրի բա­ցակա­յու­թիւնը։ Մի­ջազ­գա­յին բարդ պա­տերազ­մա­կան իրա­վիճակ­ի մէջ, հա­յատեաց ու մին­չեւ ատամ­նե­րը զի­նուած ազե­րինե­րու դիմաց զի­նամը-­թեր­քի մա­տակա­րար­ման եր­թուղի­ներ գտնե­լու խրթին խնդիր­նե­րու դէմ-յանդիման գտնուող կա­ռավա­րու­թեան հրա­ժարա­կանը պա­հան­ջե­լը՝ ոս­կէ սկու­տե­ղի վրայ հրամ­ցուած անսպա­սելի նուէր է Ալիեւին, նոր պա­տերազմ սկսե­լու եւ Հա­յաս­տա­նի հա­մար ան­հա­շուե­լի ծանր հե­տեւանքներ ու­նե­ցող ար­կա­ծախնդրու­թիւն՝ դարձեալ Ռու­սաստա­նի մի­ջամ­տութեան դի­մելու հար­կադրան­քով։ 

Երթի կազ­մա­կեր­պութեան աշ­խա­տան­քին մէջ Սրբազանին օգ­նեց «Հա­յաս­տան» խորհրդա­րանա­կան խմբակ­ցութեան երեսփոխան ու Տա­ւու­շի ՀՅԴ մար­զա­յին կո­միտէի նա­խագահ Գառ­նիկ Դա­նիէլեան։ 2018-էն ի վեր նախ­կին վար­չա­կար­գի ղեկավարնե­րը բնաւ չեն թաք­ցուցած իշ­խա­նու­թիւնը վե­րագ­րա­ւելու իրենց ախոր­ժա­կը։ Տա­ւու­շի չորս գիւ­ղե­րու սահ­մա­նազատ­ման առ­թիւ գիւ­ղա­ցինե­րուն ար­դար մտա­հոգու­թիւննե­րէն սկիզբ առած Բագ­րատ ար­քե­պիս­կո­պոս Գալստա­նեանի առաջ­նորդու­թեամբ հա­կակա­ռավա­րական շար­ժումը որ­քան մօ­տեցաւ Երե­ւան՝ այնքան ակներեւ դար­ձաւ անոր ետին կանգնած քա­ղաքա­կան ու­ժե­րու ներ­կա­յու­թիւնը։ «Տա­ւու­շը յա­նուն հայ­րե­նիքի» եր­թին միանա­լու բազ­մա­թիւ կո­չեր եղան Ամե­նայն հա­յոց կա­թողի­կոսէն սկսած մին­չեւ բարձրաս­տի­ճան եկե­ղեցա­կան­ներ ու Սփիւռքի եկե­ղեցա­կան հա­մայնքներ, կա­ռավա­րու­թեան ընդդի­մացող կու­սակցու­թիւննե­րէն մին­չեւ հա­սարա­կական կազ­մա­կեր­պութիւններ։ 

Բագ­րատ սրբա­զանի այս նա­խա­ձեռ­նութեամբ Հայ առա­քելա­կան եկե­ղեցին կը յայտնուի հո­գեւոր մշա­կոյ­թի սնան­կութեան լուրջ խնդի­րի առջեւ։ Քրիս­տո­նէական կրօ­նական կցկտուր քանի մը սկզբունքներու յղումները, ինչպէս՝ «Հաշ­տութեան, խա­ղաղու­թեան երթ», «Ինքնա­մաք­րուելու երթ». «Մենք տի­րոջ ձեռ­քին մէջ գոր­ծիքներ ենք. մար­դու հետ մի կա­պէք ոչ մի բան» եւ այլն լո­զունգնե­րը բնաւ չեն ծած­կեր բարձրաս­տի­ճան եկե­ղեցա­կանին ետին կանգնած քա­ղաքա­կան ու­ժե­րու ներ­կա­յու­թիւնը, իշ­խա­նու­թիւնը տա­պալե­լու ծրա­գիրը եւ հո­գեւոր պատ­գա­մի բա­ցակա­յու­թիւնը։     

Ժ.Չ. ■