Search
Close this search box.

Կ․ Պոլսոյ Հայոց պատրիարքը ժամանած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին

Սեպտեմբեր 27-ին, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին ժամանած է Կ․ Պոլսոյ Հայոց պատրիարք Սահակ արքեպիսկոպոս Մաշալեան։

Պատրիարք հայրը կը մասնակցի Միւռոնօրհնէքի եւ Մայր տաճարի վերաօծման արարողութիւններուն։

 

Այս առիթով Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միաբանները Կ․ Պոլսոյ Հայոց պատրիարքը թափօրով առաջնորդած են Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչ եւ Սուրբ Վարդան մատուռ–մկրտարան, ուր կատարուած է «Հրաշափառ»-ի արարողութիւն։

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի լուսարարապետի պաշտօնակատար Յարութիւն վարդապետ Կիրակոսեան Մայր Աթոռի միաբանութեան անունով ողջունած եւ բարի գալուստ մաղթած է Սահակ պատրիարքին։

Այնուհետեւ Պոլսոյ Հայոց պատրիարքը գոհութիւն վերառաքելով առ Աստուած վերստին հայոց հոգեւոր կեդրոնը գտնուելուն համար, իր օրհնութիւնն ու բարեմաղթանքները հաղորդած է Սուրբ Էջմիածնի միաբանութեան։

Ապա, Վեհարանին մէջ տեղի ունեցած է Գարեգին Բ. Ամենայն հայոց կաթողիկոսի եւ Պոլսոյ Հայոց պատրիարքի առանձին տեսակցութիւնը: