Հոկտեմբեր 30-ին, Հայաստանի հարաւային դարպասի՝ հազարամեայ Գորիսի պատմութեան մէջ անգամ մը եւս յիշարժան էջ մը գրուած է։ Քաղաքը հիւրընկալած է հազարաւոր այցելուներ՝ վերածուելով մշակոյթի, ջերմ հիւրընկալութեան եւ անկեղծ ժպիտներու միջավայրի։
«Գորիսեան օրեր»-ու կարեւոր իրադարձութիւններէն եղած է Թումանեան փողոցի եւ դէպի պատմական Հին Գորիս տանող ճամբաներու բացումը, որոնք վերակառուցուած են կառավարութիւն-համայնք համագործակցութեան շնորհիւ, աւելի քան 587 միլիոն դրամի ներդրումով։
Քաղաքի սիրտին վրայ բացումը կատարուած է «Վիէն» (Ֆրանսա) զբօսայգիին, որ գեղեցիկ նուէր մըն է գորիսցիներուն, նուիրուած Գորիս-Վիէն զուգորդուած քաղաքներու բարեկամութեան 30-ամեակին։
Հանդիսութեան ներկայ եղած են Սիւնիքի մարզպետ Ռոբերտ Ղուկասեան, Գորիսի համայնքապետ Առուշ Առուշանեան, Ֆրանսայի դեսպան Օլիվիէ Տըքոթինյի եւ Ֆրանսայի Օվերնեը-Ռոն-Ալփ շրջանի փոխնախագահ, Վիէնի քաղաքապետ Թիերի Գովաքս։
“Գորիսը կ՚առանձնանայ այն պատճառով, որ Հայաստանի ամբողջ տարածքին ամէնէն մեծ թիւով ֆրանսախօսները հոս կը գտնուին։ Գորիսն ու Վիէնը շատ նման են իրարու․ երկու քաղաքներն ալ հին պատմութիւն եւ կարեւոր պատմամշակութային ժառանգութիւն ունին, ինչպէս նաեւ՝ այդ ժառանգութիւնը պահպանելու, միասին աշխատելու եւ խաղաղութեամբ ապրելու մեծ փափաք”,– նշած է Քովաքս՝ տեղեկացնելով, թէ անցեալ տարի Օվերնեը-Ռոն-Ալփ շրջանի եւ Սիւնիքի միջեւ կնքուած համաձայնագրի շրջանակին մէջ որոշում կայացուած է որ Սիւնիքի բոլոր քաղաքները Ֆրանսայի մէջ ունենան քոյր քաղաքներ։
Հայ եւ ֆրանսացի պաշտօնատարները ծաղիկներ զետեղած են ազգային հերոս Միսաք Մանուշեանի յիշատակի խաչքարին առջեւ։
Տօնախմբութեան ընթացքին զանազան տաղաւարներու մէջ ցուցադրուած են Գորիսի աւանդական ճաշատեսակները, ուր ժողովուրդը առիթ ունեցած է համտեսելու մա՛նաւանդ Գորիսի թոնրաճաշը (թոնիրի հարիսա) եւ տարբեր տեսակի անուշահամ ուտեստներ։
Օրուան հանդիսութիւնը եզրափակուած է տօնական համերգով, ուր հնչած է ազգային երգն ու երաժշտութիւնը։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։