Սուրիոյ մէջ որոշ ժամանակէ ի վեր տիրող յարաբերական անդորրը վերջ գտաւ։
Նախագահ Ասատի վարչակարգին ընդդիմադիր ուժեր Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 27-ին սկսան յանկարծակի գրոհ մը դէպի Հալէպ, որ կայծակնային արագութեամբ ալ զարգացաւ եւ Նոյեմբեր 29-ին վերջիններուս քաղաքի դռները հասած ըլլալու մասին լուրերը՝ յաջորդ օր աւելիով հաստատուեցան, քանի որ պաշտօնապէս հաղորդուեցաւ որ Հալէպը գրեթէ ամբողջութեամբ անցած է ապստամբ ուժերու ձեռքը։
Հալէպէն իրազեկ աղբիւրէ մը կը տեղեկանանք որ Նոյեմբեր 29-ի կէսօրուան ժամերուն խուճապ մը ստեղծուած է ժողովուրդին մէջ, որովհետեւ տարածուած են լուրեր, ըստ որոնց Թուրքիոյ նեցուկը վայելող ընդդիմադիր ուժեր արդէն մտած են Հալէպի արեւմտեան ծայրամասի արուարձանները։ Այս խուճապին հետ մէկտեղ, երեկոյեան ժամերուն շատ տարօրինակ բան մը պատահած է. յայտնի դարձած է, որ պետական բոլոր կառոյցները,– առանց բացառութեան՝ զինուորական, ոստիկանական, ապահովութեան ուժերէն վարչական մարմիններ, մինչեւ քաղաքապետարան, նահանգապետարան,– առտուն, Դամասկոսէն իրենց ստացած մէկ հրահանգով՝ արդէն մեկնած էին Հալէպէն։ Սա ենթադրել կու տայ, թէ նախապէս համաձայնութիւն մը գոյացած է, որ Հալէպը պիտի յանձնուի։ Եւ սա հաւանաբար ոչ թէ «ներքին», այլ միջազգային համաձայնութիւն մըն է, որուն մէջ ռուսական դերակատարութիւնը շատ աչքառու կը թուի ըլլալ։ Որովհետեւ, ռուսերը այս յարձակումէն մէկ օր առաջ լքած են իրենց դիրքերը, միաժամանակ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոսարանին ու մարդասիրական առաքելութեամբ Սուրիա գտնուող Հայաստանի ականազերծող ջոկատին ալ հրահանգուած է հեռանալ. վերջինիս շուրջ 30 հոգինոց անձնակազմը հանրակառքերով փոխադրուած է Լաթաքիոյ շրջանը (ի դէպ, աւելի ուշ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, որ Նոյեմբեր 29-ին, մարդասիրական առաքելութեան խումբին ամբողջ անձնակազմը՝ Նախարարութեան ռազմական օդանաւով վերադարձած է Հայաստան)։ Հոս փակագիծի մէջ կ՚արժէ նաեւ նշել, որ նոյնիսկ Սուրիոյ երկարատեւ քաղաքացիական պատերազմի ընթացքին՝ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոսը երբեք չէր լքած իր նստավայրը եւ հիւպատոսարանն ալ երբեք չէր պարպուած։ Այս բոլորը ցոյց կու տան որ յայտնի էր, թէ յարձակում պիտի ըլլայ, իրենք պիտի լքեն ու յանձնեն Հալէպը, վարագոյրի ետին գոյացած համաձայնութեամբ մը։ Առնուազն այդպէս կը թուի։
Քաղաքին մէջ ապահովութեան գետնի վրայ որեւէ մտահոգիչ բան չկայ. առնուազն քաղաքէն ներս ամէն ինչ «հեզասահ» ընթացած է, տեսակ մը անարիւն յեղաշրջումի նման։ Ժողովուրդը բնականաբար, անմիջապէս փութացած է փուռեր եւ խանութներ, սննդեղէն եւ հաց ապահովելու համար. հացի որոշ տագնապ կայ, քանի որ փուռերուն մեծ մասը փակ է։ Հանապազօրեայ հաց մը ապահովելու համար հարկ է մինչեւ երկու ժամ սպասել երկար հերթերու մէջ։
Այս բոլորով հանդերձ, ընդհանուր հանդարտութիւն կը տիրէ. կրակոց, ռմբակոծում չէ լսուած։ Քաղաքէն ներս նախորդ գիշերն ալ արդէն հանդարտ անցած է։
Մեր աղբիւրէն տեղեկացանք նաեւ որ զինեալները քաղաքին մէջ հրացանները, գնդացիրները ի ձեռին փողոցներուն մէջ, տուներու առջեւ դիրք գրաւած են, բայց ընդհանրապէս դրական շփում կայ քաղաքացիական բնակչութեան հետ։ Հայ կին մը անոնց պատասխանատուներէն մէկուն երբ մտահոգութիւն յայտնած է, վերջինս ապահովութիւն ներշնչելու ակներեւ ջանքով պատասխանած է, թէ «մտահոգուելու բան չկայ, քաղաքացիներու կրօնքը ինչ ալ ըլլայ՝ բոլորն ալ տեղ ունին մեր գլխուն վրայ»։
Ինչ կը վերաբերի ընդհանուր պատկերին, այս յարաբերական հանդարտութեան զուգահեռ՝ ժողովուրդը կը մնայ զգուշ. լաւատեսութիւն ներշնչող երեւոյթներ ալ կան, որոնցմէ գլխաւորը կը վերաբերի ելեկտրական հոսանքի մատակարարման։ Մինչ տարիներէ ի վեր օրական 2-3 ժամ ելեկտրականութիւն կը մատակարարուէր Հալէպ քաղաքին եւ կը պնդուէր թէ աւելին չկայ, հիմա «նորեկ»-ներու գալուստով յանկարծ այդ քանակը բարձրացած է օրական մինչեւ 15 ժամի, ինչ որ զարմացուցած է բոլորը։ Սա ալ այլ հանելուկ մըն է։
Հիմա բոլորը կ՚աղօթեն, թէ քաղաքը կորսնցուցած կողմը յանկարծ՝ զայն վերագրաւելու նպատակով չձեռնարկէ ռմբակոծումներու, որոնք պատճառ պիտի դառնան անխուսափելիօրէն պատասխան ռմբակոծումներու ինչ որ կը նշանակէ թէ գլխաւոր ու միակ տուժողը պիտի ըլլայ բնակչութիւնը, ինչպէս պատահեցաւ անցեալին՝ պատերազմի օրերուն։
***
Նշենք, թէ Չորեքշաբթի սկսած գրոհը, մինչեւ Հալէպ հասնիլը առնուազն 350 հոգիի մահուան պատճառ դարձած է. Զոհերու մեծ մասը ապստամբներու շրջանակէն է. սակայն կան նաեւ զոհեր խաղաղ քաղաքացիներու շարքերէն։ Այսպէս, օրինակ՝ Նոյեմբեր 29-ի առաւօտեան գնդակոծուած է Հալէպի համալսարանի ուսանողներու կացարանը, ուր զոհուած է չորս խաղաղ բնակիչ, որոնցմէ երկուքը՝ ուսանող։ Գրոհայինները փակած են Հալէպ-Դամասկոս մայրուղին, որովհետև այդ ճամբան ալ գրաւուած է եւ այդ նոյն ճամբով անոնք քաղաք ներխուժած են։
***
Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցող այս վերջին զարգացումներուն մասին Սպիտակ տունը յայտարարած է. «Միացեալ Նահանգներ որեւէ կապ չունի ահաբեկչական Թահիր Շամ խմբաւորման՝ Սուրիոյ մէջ ղեկավարած յարձակումին հետ»։
***
Իսկ Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարած է. «Կը հետեւինք Հալէպի մէջ զինուորական զարգացումներուն եւ կողմերուն կոչ կ՚ուղղենք յարգելու միջազգային օրէնքը եւ պաշտպանելու բնակչութիւնը»։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ բանբեր Անի Բադալեան Նոյեմբեր 30-ին յայտարարած է, թէ Սուրիոյ մէջ Հայաստանի դիւանագիտական ծառայութեան մարմիններու միջոցով Նախարարութիւնը կը հետեւի այդ երկրի զինուորական զարգացումներուն։
Բադալեան ըսած է, թէ սա պահուս տուժածներու մէջ Հայաստանի քաղաքացի չկայ։ Դամասկոսի մէջ Հայաստանի դեսպանութիւնը կը շարունակէ իր գործունէութիւնը եւ Հալէպի գլխաւոր հիւպատոսը եւս իր աշխատանքը կը շարունակէ Դամասկոսէն։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։