Բերիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Մակար արք. Աշգարեան, Ազգային երեսփոխանական եւ կրօնական ժողովներու դիւանները, Ազգային վարչութեան անդամներն ու Յարաբերական յանձնախումբի ներկայացուցիչները, Դեկտեմբեր 30-ի միջօրէին, Ազգային առաջնորդարանի դահլիճէն ներս հիւրընկալած են Սուրիոյ նոր իշխանութեան Քաղաքական խորհուրդի Հալէպի ղեկավարութեան պատասխանատու Մուհամմետ Մսաթաթն ու ապահովական եւ անվտանգութեան գրասենեակի պատասխանատու Լուէյ ալ-Սայէտը, որոնց ընկերակցած է Լատին համայնքի առաջնորդ Հանա Ճալլուֆ։
Հանդիպումին անդրադարձ կատարուած է Սուրիոյ մէջ հայութեան պատմական գոյութեան եւ տարիներ շարունակ սուրիահայութեան բերած մասնակցութեան, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ տարածքին գոյութիւն ունեցած հայաբնակ աւաններուն։
Այցելուները խօսած են նաեւ ներկայ կացութեան մասին, վստահեցնելով, որ միասնաբար՝ ձեռք-ձեռքի տալով պիտի վերակառուցեն Սուրիան։
Պատասխանատու մարմինները յայտնած են, որ քաղաքի ապահովութեան համար կարգաւորած են քաղաքացիներէ բաղկացած խմբակներ, որոնք ապահովական կեդրոններուն հետ համագործակցաբար պիտի հսկեն թաղամասերը։ Այս ուղղութեամբ, անոնք գնահատած են սուրիահայ համայնքի տղոց կամաւոր մասնակցութիւնը քաղաքի թաղամասերու ապահովութեան ի նպաստ տարուող գիշերային հսկողութեան աշխատանքին։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։