Մեզի համար մի՛շտ ալ հաճելի եղած է հանդիպիլ Գերապայծառ Մրէաթեանին` կաթողիկէ հայոց Հալէպի առաջնորդին, որ երկա՜ր տարիներու իր առաջնորդական վաստակին զուգահեռ` ծանօթ է նաեւ իբրեւ գիրի ու գիրքի մօտիկ անձնաւորութիւն։
Մեր այս դրական տպաւորութիւնը կու գայ հինէն։ Տասնամեակներ առաջ, Հալէպի երբեմնի «Գեղարդ» տարեգիրքին մէջ կարդացեր էինք Գերապայծառին (այն ատեն դեռ երիտասարդ վարդապետ` սեփ-սեւ մօրուքով…) շահեկան մէկ ուսումնասիրութիւնը Ոսկեդարու մեծանուն իմաստասէր Դաւիթ Անյաղթի մասին։ Անկէ ետք, կը կարծենք, Գերապայծառը վար չէ դրած իր գրիչը` հակառակ վարչական իր բազմապիսի պատասխանատւութեանց, որոնք հիմա կ՚երկարին Հալէպէն մինչեւ Հռոմ…։
Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 25-ին, պատեհութիւնն ստեղծուեցաւ անգամ մը եւս հանդիպելու Գերապայծառին, Հռոմէն իր վերադարձէն օրեր ետք, Հայ Կաթողիկէ Առաջնորդարանի իր աշխատասենեակը։
Համով զրոյց մը ընթացաւ մեր միջեւ` ի ներկայութեան Հ. Կոմիտաս վրդ. Տատաղլեանի, որ աջ բազուկն է առաջնորդին։
Խօսեցանք կարդինալ Աղաճանեանի, Զմմառու վանքին ու ընծայարանին, նոր կոչումներու պակասին, Հալէպի հայ կաթողիկէ դպրոցներուն եւ մեր «Հերկ եւ բերք» գիրքի հրատարակութեան ու անոր նուիրուած շնորհահանդէսին մասին։
Հոգեւոր պետին նուիրեցինք նորատիպ հատորէն օրինակ մը։
Գերապայծառը գնահատեց մեր գրչի աշխատանքները, մասնաւորաբար յիշատակելով սփիւռքահայ ամէնօրեայ վարժարաններուն նուիրուած շարքը եւ անկէ առաջ` Վենետիկի Մխիթարեան Միաբանութեան երեւելի հայրերուն ձօնուած մեր ուսումնասիրութիւնը, որոնցմէ կրած էր խորունկ տպաւորութիւն։
Գերապայծառ Մրէաթեան, մեր հանդիպումին աւարտին, ազնիւ մտածումով մը, մեզի յանձնեց Շնորհալիի 850-ամեակին առթիւ պատրաստուած գեղաքանդակ յուշամետալ մը։
Լ. Շ.
Շառոյեանի Դիմագիրքի էջէն ■
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։