Սուրիոյ մեր պաշտօնակից «Գանձասար»-ի թղթակցութենէն կը տեղեկանանք, որ Հոկտեմբեր 11-ին, Հալէպի մէջ Համազգայինի «Նիկոլ Աղբալեան» գրական յանձնախումբը «Լեւոն Շանթ» սրահին մէջ կազմակերպած է հայ դպրութեան սպասարկու, հալէպահայ մտաւորական Լեւոն Շառոյեանի «Հերկ եւ բերք» նորատիպ գիրքին շնորհահանդէսը։
Բերիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Մակար Ս. արք. Աշգարեանի հովանաւորութիւնը վայելող հանդիսութեան Առաջնորդին կողքին ներկայ եղած են Բերիոյ թեմի Կաթողիկէ հայոց առաջնորդի ներկայացուցիչ հայր Կոմիտաս վրդ. Տատաղլեան, Հայ Աւետարանական համայնքապետի ներկայացուցիչ պատուելի Սիմոն Տէր Սահակեան, Հայաստանի Հանրապետութեան Հալէպի հիւպատոսութեան խորհրդական Դաւիթ Թադէոսեան, Հայաստանի մարդասիրական առաքելութեան խումբի պատասխանատու գնդապետ Յովհաննէս Խանուէլեան, Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխան Մարիա Գաբրիէլեան, Համազգայինի Սուրիոյ շրջանային վարչութեան, «Գանձասար»-ի խմբագրութեան եւ հալէպահայ միութիւններու ներկայացուցիչներ, հոգեւոր հայրեր եւ գրասէր պատկառելի շրջանակ մը։
Սփռուած է հեղինակին գործերն ու աշխատութիւնները ծանօթացնող տեսերիզ մը, զոր մեկնաբանած է Գարօլին Քիւրքլեան։
«Հերկ եւ բերք» գիրքը համապարփակ ձեւով ներկայացուցած է բանասէր, Հայագիտական հիմնարկի դասախօս Աւօ Գաթրճեան, որ անդրադարձած է տարբեր ժամանակներու մէջ հրատարակուած գիրքերու առնչուող հեղինակին գրադատական յօդուածներուն, բանասիրական, մշակութաբանական եւ վերլուծական էջերուն, անոնց խորքին ու իւրայատուկ ոճին, ապա նաեւ գրական-բանասիրական գործերու նկատմամբ հեղինակին ճաշակին, ըմբռնումներուն եւ դատումներուն, մէջբերելով որոշ հատուածներ ու բարձր գնահատելով հեղինակին գրական եւ ազգային հայեացքները։
Այնուհետեւ հեղինակ Լեւոն Շառոյեան իր սրտի խօսքը արտասանելով շնորհակալութիւն յայտնած է նախ սրբազան հօր, որ ոչ միայն պարտաճանաչ ներկայութիւն կը բերէ համայնքի բազմաբնոյթ ձեռնարկներուն, այլեւ նոյն ժրաջանութեամբ գիրք կը հրատարակէ, փաստօրէն միայն 2024 տարուան մէջ հայացուցած, աշխատասիրած եւ հեղինակած է հինգ գիրքեր։ Ապա Շառոյեան շնորհակալութիւն յայտնած է Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան հայկական բաժինին, որուն մեկենասութեամբ հրատարակուած էր հատորը 2024-ին, աւելցնելով որ գիրքը հրատարակութեան համար ճամբայ ելած էր 2011-ին, սակայն Սուրիոյ պատերազմին հետեւանքով հրատարակութիւնը ակամայ յետաձգուած էր։ Հեղինակը շնորհակալութիւն յայտնած է նաեւ գիրքը ներկայացնող իր գրչընկերոջ՝ Աւօ Գաթրճեանին, ինչպէս նաեւ շնորհահանդէսը կազմակերպող մարմինին։
Շառոյեան դիտել տուած է, որ շնորհահանդէսի մը կազմակերպումը պէտք չէ դիտել սոսկ գիրքին բովանդակութիւնը կամ հեղինակը ներկայացնելու շրջագիծին մէջ, այլ անհրաժեշտ է անդրադառնալ անոր խորհուրդին։ Այս իմաստով օրինակ մը բերելով Շառոյեան ըսած է. “Ինծի համար շնորհահանդէսը նախ եւ առաջ ներկայ օրերուն սղագին ապրանքի մը վերածուած թուղթին փառքն է, տպագիր գործի մը փառաբանանքն է, որովհետեւ ինչ որ տպագիր է՝ մնայուն է, իսկ ինչ որ բերանացի կ՚արտայայտուի կ՚անէանայ, կը կորսուի։ Ինծի համար շնորհահանդէսը տուեալ գիրքին մէջ գործածուած լեզուին, այս պարագային՝ արեւմտահայերէնին նկատմամբ յարգանքի ցուցանիշ է։ Աւելի՛ն՝ մտաւորական ճիգի, քրտինքի արժեւորումն է եւ տակաւին ողջոյն մըն է ուղղուած հեռաւոր դարեր, մինչեւ Մեսրոպ Մաշտոց, Սահակ Պարթեւ եւ բոլոր թարգմանիչ վարդապետները, որոնք հիմնական ջատագովներն ու պաշտպանները հանդիսացան հայ դպրութեան”:
Օրուան եզրափակիչ խօսքը ներկաներուն ուղղած է Բերիոյ Հայոց թեմի առաջնորդը, որ անդրադարձած է Թարգմանչաց տօնի խորհուրդին, յատկապէս տպագիր գիրքի ընթերցման առթած հոգեւոր հաճոյքին՝ գիրքերու հետ իր մտերմութենէն պատմելով ու մաղթելով, որ նման ձեռնարկներ առիթ հանդիսանան ոչ միայն գիրքերուն ծանօթանալու, այլեւ զանոնք ընթերցելու։
Աւարտին տեղի ունեցած է նորատիպ հատորին գինեձօնը, ապա կազմակերպող կողմը հիւրասիրած է ներկաները։
Ձեռնարկը ուղղակի կապով սփռուած է «Ռատիօ Երազ»-էն։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։