Հակառակ Համասի դէմ մղած բուռն պատերազմին՝ Իսրայէլ կը շարունակէ զէնք ու զինամթերք մատակարարել Ազերպայճանին։
Այս մասին կը վկայէ օդային երթեւեկի առկից քարտէսը, ուրկէ կը պարզուի, թէ Հոկտեմբեր 13-ին, ազերպայճանական Silkway օդային ընկերութեան IL-76 տիպի ռազմական փոխադրատար օդանաւ մը Իսրայէլէն Ազերպայճան նոր թռիչք մը կատարած է, կամ աւելի յստակ ըլլալու համար՝ նոր զէնք ու զինամթերք փոխադրած է։ ■
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։