«Հայ Օգնութեան Միութեան (ՀՕՄ) Համահայկական 73-րդ Պատգամաւորական ժողովը գումարուեցաւ 2023 Հոկտեմբեր 16–20, Երեւանի մէջ, մասնակցութեամբ 19 երկիրներէ ժամանած 51 պատգամաւորներու եւ ընթացաւարտ կեդրոնական վարչութեան անդամներու, հիւրերու, քոյր միութիւններու եւ յանձնախումբերու ներկայացուցիչներու, կեդրոնական գրասենեակի անձնակազմին եւ 66 ունկնդիր ընկերուհիներու:
Օրակարգի կէտերու քննարկման աւարտին ժողովը ընտրեց 2023–2027 շրջանի նոր կեդրոնական վարչութիւնը հետեւեալ կազմով.
Արուսեակ Մելքոնեան (Արեւմտեան ԱՄՆ) – ատենապետուհի,
Թալին Տաղլեան (Արեւելեան ԱՄՆ) – փոխատենապետուհի,
Նայիրի Պալանեան (Արեւելեան ԱՄՆ) – քարտուղար,
Անի Քէշիշեան (Արեւմտեան ԱՄՆ) – գանձապահ,
Իրմա Գասապեան (Արեւելեան ԱՄՆ) – հաշուապահ,
Ժարմէն Միրզախանեան (Արեւմտեան ԱՄՆ) – խորհրդական,
Արմինէ Կարապետեան (Գանատա) – խորհրդական,
Զոյա Քոչարեան (Հայաստան) – խորհրդական,
Սիրան Ամպարճեան (Միջին Արեւելք, Սուրիոյ Օգնութեան Խաչ) – խորհրդական,
Լիզա Չալըքեան Ժիլիպէր (Եւրոպա, Ֆրանսա) – խորհրդական,
Նորա Սեւակեան (Աւստրալիա) – խորհրդական»։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։