Search
Close this search box.

Հաճիեւ. «Ազերպայճան՝ Հայաստանը հրաւիրած է Պաքուի մէջ կայանալիք COP29-ին»

The National-ի համաձայն՝ Ազերպայճանի նախագահի օգնական Հիքմեթ Հաճիեւ Յուլիս 21-ին յայտարարած է, թէ Պաքու Երեւանը հրաւիրած է մասնակցելու Նոյեմբերին կայանալիք COP29 համաժողովին։ Ան լրագրողներուն ըսած է, թէ պաշտօնական հրաւէր ղրկուած է Երեւան։

Հայաստան ո՛չ հաստատած եւ ո՛չ ալ հերքած է այս տեղեկութիւնը։

Արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ բանբեր Անի Բադալեան այս կապակցութեամբ «Ազատութիւն» լրասփիւռի հարցումին պատասխանելով ըսած է. «Հարցին անդրադարձ լինելու պարագայում կը տեղեկացնենք»:

***

«COP29-ի համաժողովի նախագահ Մուխթար Պապաեւ պաշտօնական հրաւէր ուղարկած է Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարին»,– նշած է Հաճիեւ, ընդգծելով, թէ նկատի  ունենալով, որ կողմերը չունին դիւանագիտական յարաբերութիւններ՝ «Պաքուի այս քայլը ցոյց կու տայ Ազերպայճանի բարի կամքը»։