Search
Close this search box.

Հաճիեւ. «Ազերպայճան ու Հայաստան Դեկտեմբերին պիտի քննարկեն խաղաղութեան պայմանագրին բնագիրը»

Ազերպայճանի նախագահի օգնական Հիքմեթ Հաճիեւ ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան յայտնած է, թէ Ազերպայճան ու Հայաստան Դեկտեմբերին պիտի վերսկսին խաղաղութեան պայմանագրի բնագրին քննարկումը, նկատի ունենալով, որ սա պահուս Ազերպայճանի օրակարգի հիմնական նիւթը COP29-ն է։

Ընդգծելով, թէ փաստաթուղթին մէջ տակաւին որոշ հարցեր կան՝ Հաճիեւ տեղեկացուցած է, որ փորձագիտական մակարդակով քննարկումներն ու բանակցութիւնները կը շարունակուին։

“Քանի որ հայկական կողմը օրին չէ արձագանգած խաղաղութեան պայմանագրի մեր առաջարկին, այս համածիրին մէջ մենք ուշացած կը նկատենք գործընթացը, հետեւաբար հաւանաբար Դեկտեմբերէն նոր գործընթաց կը սկսի”,– եզրափակած է Ազերպայճանի նախագահի օգնականը՝ առանց յաւելեալ բացատրութեան։