Ազերպայճանի նախագահի օգնական Հիքմեթ Հաճիեւ Հայաստանը անուանած է «գրաւող երկիր»՝ նշելով, թէ «սահմանափակումներ պէտք է կիրարկուին Հայաստանի զինուած ուժերուն նկատմամբ»:
“Եթէ ուշադրութիւն դարձնենք Երկրորդ աշխարհամարտէն ետք միջազգային յարաբերութիւններու համակարգին, ապա կը տեսնենք, որ կան շատ փոքր թիւով պետութիւններ, որոնք գրաւողներ եւ յարձակողապաշտներ են, անոնց մէջ է նաեւ Հայաստանը”,– Սեպտեմբեր 2-ին յայտարարած է Ազերպայճանի նախագահի օգնականը։
Յիշեցնելով, որ Իրաքի եւ Քուէյթի պատերազմէն յետոյ որոշ սահմանափակումներ կիրարկուեցան իրաքեան զինուած ուժերու նկատմամբ, Հաճիեւ ընդգծած է. “Մեր կարծիքով նման սահմանափակումներ պէտք է հաստատուին նաեւ Հայաստանի զինուած ուժերուն նկատմամբ”։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։