Մայիս 25-ին Երեւանի մէջ սկսած է Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան 9-րդ պատգամաւորական ժողովը, որուն կը մասնակցին 64 ներկայացուցիչներ եւ հրաւիրեալներ՝ աշխարհի 15 երկիրներէ։
Ժողովականները նախ այցելած են Եռաբլուր զինուորական պանթէոն, ուր յարգանքի տուրք մատուցած են Արցախեան 44-օրեայ պատերազմին անմահացած հերոսներու յիշատակին։ Տեղւոյն վրայ ներկաներուն իր խօսքը ուղղած է ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Համազգայինի կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Մկրտիչ Մկրտիչեան։
Ժողովը կը շարունակուէր յաջորդող օրերուն, որու ընթացքին կը ներկայացուէին Համազգայինի զանազան կառոյցներու վերջին չորս տարիներուն կատարած աշխատանքները։ Պիտի ճշդուէին նաեւ հետագայ քայլերը։ Աւարտին տեղի կ՚ունենար նոր կեդր. վարչութեան ընտրութիւնը։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։