Search
Close this search box.

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ – ՓԱՐԻԶ. «Կապոյտ տնակ»-ի  ամավերջի հանդէսը

Մեծ խանդավառութիւն ու շէնութիւն մը կար այդ օր՝ Շաբաթ, Յունիս18-ին Փարիզի Հայ մշակոյթի տան մէջ, գետնայարկէն մինջեւ երկրորդ յարկի Տէմիրեան սրահ։

Սրահը զարդարուած էր այդ օրուան նախընթրիքի հիւրասիրութեան պատշաճող շատ գեղեցիկ սեղանով մը, կապոյտ գոյնի տարբեր երանգներով։

Ամավերջի հանդէսի օրն էր «Կապոյտ տնակ»-ի, որուն գործունէութեան առաջին տարեշրջանն էր 2021-2022-ը։

Այո՛, «Կապոյտ տնակ»-ը աշխատանոց մըն է հայերէն լեզու, մշակոյթ եւ պատմութիւն փոխանցելու երախաներուն՝ խաղերով, երգերով եւ ձեռային աշխատանքներով, որքան որ կարելի է շաբաթական երկու ժամուան ընթացքին։

«Կապոյտ տնակ»-ի ստեղծումը նախաձեռնութիւնն է Փարիզի Համազգայինի։ Նաեւ այս աշխատանոցը արդիւնքն է կարգ մը ծնողներու պահանջին կամ խնդրանքին, որոնց հանդէպ Համազգային չէր կրնար անտարբեր մնալ։

Հակառակ համաճարակի ստեղծած անորոշ վիճակին, Համազգային շուտով կազմեց երկու դասարաններ 3-4 եւ 5-7 տարեկաններու համար, ուր կը դասաւանդեն Ռոզին Թաշճեան եւ Նոնիկ Յովհաննէսեան, չորս օգնականներու ընկերակցութեամբ։

Պէտք է նշել թէ՝ երախաներու ութսուն առ հարիւրը հայախօս չէ, ինչ որ կը պահանջէ առաւել աշխատանք։

Այդ օրուան ահռելի տօթը (38 աստիճան) չէր կասեցուցած մանուկներու ու կազմակերպիչներու թափը եւ յիշատակելի էր ծնողներու բացարձակ ներկայութիւնը։

Նոնիկ Յովհաննէսեան հայերէնով իր բացման խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց ծնողներուն՝ իրենց ներկայութեան, նաեւ՝ իրենց վստահութեան, քաջալերանքին եւ հետեւողականութեան համար։ Ան նշեց, թէ Համազգայինի նպատակն էր ընդունիլ երախաները հայկական մթնոլորտի մէջ եւ ցոյց տալ որ՝ թէեւ կ՚ապրինք սփիւռքի մէջ, բայց եւ այնպէս ժառանգած ենք հսկայական պատմութիւն, լեզու եւ գիր։ Աւելցուց որ՝ գալ տարուան համար ծրագրուած է երրորդ դասարան մը, ինչպէս նաեւ՝ ուսուցիչ կամ ուսուցչուհի մը եւս։

Լոռի Պաղտասարեան, իբր ծնող, ֆրանսերէնով յայտնեց.- “Համազգային-Փարիզը կրցաւ իրականացնել մեր երազը, ի մի բերել մեր զաւակները այն նոյն յարկին տակ, ուր մենք հայերէն սորվեցանք Կապոյտ Խաչի հայերէնի դասընթացքներուն։ Ամէն բան իրականացաւ շնորհիւ մեր ընկերոջ Սեւակ Թոսունեանի խանդավառութեան եւ յարատեւ ջանքերուն”։

Այնուհետեւ, Ա. դասարանի փոքրերը Ռոզին Թաշճեանի ղեկավարութեամբ մասնակցեցան իրենց թաշկինակներով «Բարի լոյս» երգին, որուն կը յաջորդէր «Շողգամ»-ի զաւեշտը, ուր իւրաքանչիւր փոքրիկ ունէր իր յատուկ դերը։

Երկրորդ դասարանի երախաները ներկայացուցին Սասունցի Դաւիթի առասպելական հեքիաթի գլխաւոր հերոսները, իւրաքանչիւրը յայտնելով իր ինքնութիւնը ստանձնած դերին մէջ, այս ամէնը իրենց ուսուցչուհիին՝ Նոնիկ Յովհաննէսեանի, ինչպէս նաեւ Կարէն Ճինպաշեանի մեկնաբանութեամբ, պաստառի վրայ արդէն արձանագրուած հայերէն եւ ֆրանսերէն տարբերակներով։

Յայտագրի վերջաւորութեան երախաները, ուսուցչուհիները եւ ծնողները շրջանակ կազմած, միասնաբար երգեցին նախապէս բազմագրուած «Մենք մանուկներ հայոց ազգի»-ն եւ «Ցտեսութիւն»-ը։

Հանդէսը փակուեցաւ նախընթրիքի հիւրասիրութեամբ ուր ծնողներ խմբուած կը զրուցէին։ Հոն կը լսեմ հետաքրքրակսն արտայայտութիւններ.-

“Տղաս հոս հանգիստ զգաց, բարդոյթ չունի, կը տեսնէ թէ իրեն նման հայ եւ ոչ-հայախօս երախաներ կան, որոնք կ՚ուզեն հայերէն սորվիլ. եւ ուրախ եմ որ՝ զաւակս հայ ընկերներ ալ պիտի ունենայ”։

Ուրիշ մը.-

“Ես ալ ուրախ եմ որ աղջիկս վարժուեցաւ հայկական մթնոլորտին եւ հայկական դպրոցին, որոնք այլեւս իր շաբաթական յայտագրին մաս պիտի կազմեն”։

Լսելով այս բոլորը, հարց տուի ես ինծի. «Արդեօք այս լսածներս չէի՞ն լրացներ Համազգայինի Փարիզի նախաձեռնութեան նպատակներէն մաս մը»։

Յաջողութիւն «Կապոյտ տնակ»-ին, մաղթելով երկար տարիներ։

ՆԵՐԿԱՅ ՄԸ ■