Սփիւռքի գործոց գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակէն կը տեղեկացնեն, թէ 2022 Հոկտեմբեր 28-էն 31 Երեւանի մէջ կը կայանայ Համաշխարհային հայկական վեհաժողովը, որ իբրեւ նոր ձեւաչափ եւ աշխուժ հարթակ կը ծառայէ Սփիւռքի ներկայացուցիչներու եւ տեղացի գործընկերներու՝ քննարկելու համընդհանուր նշանակութիւն ունեցող մարտահրաւէրներն ու խնդիրները: Վեհաժողովի օրակարգին մէջ կ՚ընդգրկուին՝ ազգային անվտանգութիւնը, հայկական շահերու պաշտպանութիւնը, հայրենիքի ռազմավարական բնագաւառներու զարգացումը, հայրենադարձութիւնը, ներդրումային ներգրաւումը, հայապահպանութիւնը, Սփիւռքի ինքնակազմակերպումը եւ այլ նիւթեր:
Վեհաժողովը կ՚ունենայ Հայաստանէն, Արցախէն եւ աւելի քան 40 երկիրներէ շուրջ 600 մասնակից, որոնք կը ներկայացնեն համայնքային կառոյցներ, կազմակերպութիւններ, գիտական, մասնագիտական, գործարար, ուսանողական, երիտասարդական շրջանակներ եւ այլն:
Վեհաժողովը աշխատանքային երեք օրերու ընթացքին կ՚ունենայ 8 ներկայացուցչական խումբերով քննարկումներ, միաժամանակ տեղի կ՚ունենան 17 նիստ, ազատ ձեւաչափով 2 հանդիպում: Բանախօսութեամբ հանդէս կու գան Սփիւռքի համայնքներէն ժամանած ծանօթ անձնաւորութիւններ, փորձագէտներ, համայնքային գործիչներ, գիտնականներ, ինչպէս նաեւ հայաստանեան շրջանակներու ներկայացուցիչներ:
Վեհաժողովի ընթացքին ներկայացուած առաջարկները, լուծուﬓերն ու եզրայանգումները կը դառնան համահայկական օրակարգի ստեղծման եւ յառաջդիմութեան հիﬓաքարերը: Այսպէսով՝ հայրենիքն ու Սփիւռքը ﬕասին կը նախանշեն հետագայ միասնական աշխատանքի առաջնահերթութիւններն ու ճանապարհները:
Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակը բաց է Վեհաժողովին վերաբերող առաջարկներու եւ քննարկումներու համար:
Վեհաժողովի օրակարգին ծանօթանալու համար կարելի է սեղմել այստեղ՝ https://bit.ly/3Da18eO:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։