Search
Close this search box.

Համաշխարհային հայկական 2-րդ համաժողովը

Սեպտեմբեր 17-ին, Երեւանի մէջ տեղի ունեցած է Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակին կողմէ կազմակերպուած Համաշխարհային հայկական երկրորդ համաժողովի բացման արարողութիւնը:

Համաժողովին կը մասնակցին 1000 հրաւիրեալ 60 երկրէ՝ նպատակ ունենալով ապահովել սփիւռքի ներգրաւումը Հայաստանի օրակարգային հարցերուն, ինչպէս նաեւ ծառայել իբրեւ ռազմավարական քննարկումներու, համերաշխութեան, փոխըմբռնման եւ լուծումներու կամուրջ:

Բացման արարողութեան ելոյթներով հանդէս եկած են նախագահ Վահագն Խաչատուրեան, Ազգային ժողովի փոխնախագահ Յակոբ Արշակեան, Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեան, ԱՄՆ-ու հայազգի նախկին գոնկրէսական Ժաքի Սփեյր:

Համաժողովի աշխատանքային օրերը ներառած են հետեւեալ հիմնական ուղղութիւնները. անվտանգութիւն, կայուն զարգացում, համայնքներու հզօրացում եւ հայրենադարձութիւն, որոնք կը ներկայացուէին իրենց ենթաշերտերով տարաբնոյթ ձեւաչափերու շրջանակին մէջ:

Այսպէս, համաժողովը ծրագրած էր 6 առանձին քննարկում, 22 միաժամանակեայ նիստ, կլոր-սեղանի քննարկում, աշխատաժողով, 3 տարբեր բնաբանով ցուցահանդէս եւ մշակութային միջոցառումներ: Ընդհանուր առմամբ, ներգրաւուած է 180 բանախօս եւ ժողովավար 25 երկրէ:

Համաժողովի գլխաւոր գործընկերն է Էվոկաբանկը, իսկ տեղեկատուական գործընկերը՝ «Արմէնփրէս» պետական լրատու գործակալութիւնը:

Համաժողովը կը շարունակուի մինչեւ Սեպտեմբեր 20։

Համաժողովի շրջանակին մէջ վարչապետը մասնակցած է «Հայաստանի ներքին եւ արտաքին անվտանգութիւնը» նիւթին շուրջ քննարկումին 

Սեպտեմբեր 18-ին, վարչապետ Փաշինեան մասնակցած է  «Հայաստանի ներքին եւ արտաքին անվտանգութիւնը» նիւթին շուրջ առանձին քննարկումին, պատասխանելով բանախօսի եւ քննարկման մասնակիցներու հարցումներուն, անդրադառնալով Հայաստանի առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներուն, «Իրական Հայաստան»-ի ռազմավարութեան, արտաքին քաղաքականութեան, ԵԱՏՄ-ի եւ ՀԱՊԿ-ի հետ կապուած հարցերուն, Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն համագործակցութեան զարգացման, մեր երկրի ուժանիւթային համակարգի անվտանգութեան:

Փաշինեան խօսած է նաեւ Ազերպայճանի հետ խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրման, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանային հաղորդակցութեան ուղիներու ապաշրջափակման առնչուող նիւթին շուրջ:

Անդրադառնալով ազերպայճանական կողմի պնդումներուն, թէ Հայաստանի Սահմանադրութեան մեջ կան տարածքային պահանջներ Ազերպայճանի նկատմամբ, վարչապետը նշած է. “Ի՞նչ նկատի ունեն իրենք, ենթադրում ենք, որ նկատի ունեն Հայաստանի Սահմանադրութեան նախաբանի յղումը Անկախութեան հռչակագրին, որտեղ յիշատակւում է Լեռնային Ղարաբաղի եւ Հայաստանի վերամիաւորման մասին ԼՂ Ազգային խորհրդի եւ Հայաստանի Գերագոյն խորհրդի որոշումը: Անկախութեան հռչակագրում, այո՛, կայ այդպիսի բան: Դա նշանակո՞ւմ է, որ այդ բովանդակութիւնը արտայայտուած է Սահմանադրութեան մէջ. Սահմանադրութեան մէջ այդպիսի բան չկայ գրուած”: 

Նիկոլ Փաշինեանի դիտարկումով, ընդհակառակն, Ազերպայճանի Սահմանադրութեան մէջ կան տարածքային պահանջներ Հայաստանի նկատմամբ: “Ադրբեջանի առաջին Հանրապետութեան հռչակագրում գրուած է, որ նա հիմնադրւում է հարաւային եւ արեւելեան Անդրկովկասի տարածքում: Եւ բացի այդ, 1919 թուականին Դաշնակից պետութիւններին եւ Ազգերի լիգային Ադրբեջանը պաշտօնապէս ներկայացրել է քարտէզ իր տարածքի մասին, որը ներառում է ՀՀ Սիւնիքի եւ Վայոց ձորի մարզերն ամբողջութեամբ, Արարատի մարզից հատուած, Տաւուշի մարզից հատուած, Լոռու մարզից հատուած, Շիրակի մարզից հատուած: Սա ակնյայտ տարածքային պահանջ է Հայաստանի նկատմամբ, բայց մենք չենք բարձրացնում այս հարցը, չենք ասում՝ Ադրբեջանը թող Սահմանադրութնւնը փոխի, որ խաղաղութեան պայմանագիր ստորագրենք”: 

Վարչապետը անդրադարձած է նաեւ կառավարութեան «Խաղաղութեան խաչմերուկ» ծրագրին եւ տարածաշրջանային հաղորդակցութեան ուղիները ապաշրջափակելու կարելիութիւններուն, ընդգծելով հետեւեալը. “«Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագծի իմաստը Հայաստանի միջով անցնող բոլոր հնարաւոր ճանապարհները բացելու ՀՀ կառավարութեան պատրաստակամութեան մասին է: Սիւնիքով, Տաւուշով, Գեղարքունիքով, Շիրակով, Վայոց ձորով, մենք բոլոր հնարաւոր տեղերով մեր ճանապարհները պատրաստ ենք տրամադրել: Բայց ճանապարհները պէտք է գործեն առանց շրջանցելու, վնասելու կամ առանց ստորադասելու Հայաստանի ինքնիշխանութիւնը, տարածքային ամբողջականութիւնը, իրաւազօրութիւնը”: 

Անդրադառնալով վերջին շրջանի հայկական կողմի խօսոյթին Ազերպայճանի արձագանգին, որ եթէ Հայաստան չի փափաքիր, ապա իրենք Իրանի տարածքով կ՚իրագործեն իրենց նախագծերը, վարչապետը անգամ մը եւս պաշտօնապէս արձանագրած է, թէ մեր երկիրը պատրաստ է Իրանի առաջարկած ճիշդ նոյն պայմաններով ճանապարհ ապահովելու Ազերպայճանին: “Աւելի՛ն, մենք չենք բացառում նաեւ ընթացակարգերի որոշակի պարզեցումներ եւ ընկալում ենք դա երկկողմանիութեան տրամաբանութեան մէջ: Ադրբեջանն ասում է՝ լա՛ւ, դուք չէք ուզում՝ Իրանով ենք գնում: Մենք դէմ չենք, որ Իրանով գնան, ի հարկէ, դա Իրանի եւ Ադրբեջանի յարաբերութիւնների խնդիրն է, բայց կրկին վերահաստատում ենք՝ այն նոյն պայմաններով, ինչ Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւնն է այդ անցումը տրամադրում՝ նոյն պայմաններով նաեւ մենք ենք պատրաստ անել: Աւելի՛ն, երկկողմանի տրամաբանութեան մէջ մենք պատրաստ ենք նաեւ գնալ որոշակի պարզեցումների”,– նշած է վարչապետը: