Search
Close this search box.

Համացանցային արշաւ. ուքրաինացիները կոչ կ՚ընեն պոյքոթի ենթարկելու ազերպայճանական SOCAR-ի պենզինի կայանները

Ազերպայճանի պետական քարիւղի ընկերութեան՝ SOCAR-ի եւ ռուսական «Կազփրոմ»-ի միջեւ գործընկերութեան ընդլայնման մասին համաձայնութենէն ետք, համացանցային արշաւ սկսած է. ուքրաինացի օգտատէրերը կոչ կ՚ընեն պոյքոթի ենթարկելու SOCAR-ի  պենզինի կայանները։ Լուրը կը հաղորդէ ազերպայճանական «Թուրան» լրատու գործակալութիւնը։

Աղբիւրին համաձայն՝ Ուքրաինայի տարածքին կը գործէ SOCAR-ի 57 լցակայան։

Ազերպայճանի եւ Ռուսաստանի քարիւղի հսկաներու միջեւ «բազմազան ռազմավարական գործընկերութիւնը ընդլայնելու» շուրջ համաձայնութիւն գոյացած է Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի Պաքու պետական այցի ընթացքին։