Search
Close this search box.

Համա-ՀՄԸՄ-ական 11-րդ մարզախաղերու բացման հանդիսութիւնը 

 

800 ՀՄԸՄ-ականններ տողանցած են Երեւանի մէջ

Ջահավառութիւն՝ Ծիծեռնակաբերդի անմար կրակէն

Յուլիս 22-ին, ՀՄԸՄ Երեւանի մէջ արժանավայել շուքով կատարած է իր մարզախաղերուն բացումը, որ ընթացք առած է Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրին մէջ մարզախաղերու ջահին բոցավառումով։ Ապա, փոխանցավազքով, եօթը ՀՄԸՄ-ականներ ջահը Ծիծեռնակաբերդէն հասցուցած են «Ազատութեան» հրապարակ, ուր տեղի ունեցած է բացման պաշտօնական հանդիսութիւնը։

Նախքան հանդիսութիւնը, մարզախաղերու մասնակից պատուիրակութիւններու 645 մարզիկ-մարզուհիները «Մաշտոց» մատենադարանի առջեւէն շքերթով ուղղուած են բացման հանդիսավայր՝ «Ազատութեան» հրապարակ։ Հրապարակին մօտակայ պողոտային մէջ, շքերթի մասնակիցներուն միացած են «Հրաշք» մարզախաղերու մասնակից, յատուկ խնամքի կարօտ 200 պատանի-երիտասարդներ, ընկերակցութեամբ իրենց օժանդակող աւելի քան 50 կամաւորներու։

Հանդիսութիւնը սկսած է մարզախաղերու մասնակից պատուիրակութիւններու հրապարակ մուտքով։ Երկիրներու դրօշներով յաջորդաբար հրապարակ մուտք գործած են եւ իրենց յատուկ տեղերը գրաւած հետեւեալ շրջաններու պատուիրակութիւնները.- Արեւելեան Միացեալ Նահանգներ, Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներ, Ամման, Աւստրալիա, Գանատա, ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ, Հարաւային Ամերիկա, Լիբանան, Սուրիա, Երուսաղէմ-Հայֆա-Եաֆա, Փարիզ, Լոնտոն, Քուէյթ, Մարսիլիա, Սթոքհոլմ, Թիֆլիս, Արցախ, Միւնիխ, Պաղտատ եւ Թեհրանի «Արարատ» կազմակերպութիւն։

Պատուիրակութիւններու ժամանումէն ետք հնչած են Հայաստանի փառերգը եւ ՀՄԸՄ-ի քայլերգը։

Արամ Ա. Կաթողիկոսի «Օրհնութեան գիր»-ի ընթերցումէն ետք, ելոյթ ունեցած են մարզախաղերու կազմակերպիչ յանձնախումբի ատենապետ Մանուէլ Մարսէլեան, ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի վարչութեան ատենապետ Սանտրա Վարդանեան, ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Խաչատրեան, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Վաչէ Նաճարեան։ Վերջինս իր խօսքը աւարտած է նշելով.– “Յարգա՜նք մեր ժողովուրդին անունը բարձր պահող հայ մարզիկներուն: Յարգա՜նք եւ պատի՛ւ Հայաստանի անկախութեան եւ Արցախի ազատագրութեան ճամբուն ինկած մեր բոլոր նահատակներուն”:

Այնուհետեւ տեղի ունեցած է այնքան սպասուած պահը՝ ջահավառութիւնը։ Հրապարակ մուտք գործած է հետախոյզ-ազատամարտիկ, մարզիկ, անկոտրում կամքի խորհրդանիշ՝ Սարգիս Ստեփանեան, որ Արցախի մէջ իր երկու ոտքն ու աջ ձեռքը կորսնցուցած ըլլալուն, կը հանդիսանայ պայքարի, համբերութեան եւ տոկունութեան լաւագոյն օրինակ։ Հակառակ ֆիզիքական իր բարդ վիճակին, ան երկու անգամ խլած է բազկամարտի Եւրոպայի ախոյեանութեան տիտղոսը, իսկ երեք անգամ նուաճած է աշխարհի ախոյեանութեան առաջնութիւնը։ Սարգիս Ստեփանեանի մասին ցուցադրուած է կարճ տեսանիւթ մը, որմէ ետք՝ ներկաներու յոտնկայս ծափերուն եւ բուռն քաջալերանքին հետ Ստեփանեան բոցավառած է մարզախաղերուն գլխաւոր ջահը։

Հուսկ, տեղի ունեցած է ՀՄԸՄ-ական մարզիկի եւ իրաւարարի երդումը։ Երդումը կատարած են մարզիկ Արշակ Մարգարեան եւ իրաւարար Դաւիթ Պոյաճեան։

Հանդիսութեան պաշտօնական բաժնի աւարտին, երեկոն շարունակուած է գեղարուեստական ճոխ յայտագրով, հայկական ժողովրդային, ազգագրական եւ ազգային-հայրենասիրական երգերով։