Search
Close this search box.

Համօ Բեկնազարեանի «Զանգեզուր» ֆիլմին ցուցադրութիւնը՝ զինեալ ուժերու զօրանոցին մէջ

Սեպտեմբեր 13-ին, Հայաստանի զինեալ ուժերու N զօրամասին մէջ ցուցադրուած է Համօ Բեկնազարեանի «Զանգեզուր» ժապաւէնը: Ձեռնարկը կազմակերպած է Հայաստանի շարժանկարի հիմնադրամը, զայն նուիրելով թատրոնի բեմադիր, դերասան Դաւիթ Մալեանի ծննդեան 120-ամեակին։

Ցուցադրութենէն առաջ հակիրճ ներկայացուած է ազգային շարժարուեստի զարգացման պատմութիւնը եւ Դաւիթ Մալեանի ստեղծագործական դիմանկարը:

Հիմնադրամէն յայտնած են, թէ ֆիլմին նկատմամբ հայ զինուորներու ոգեւորութիւնը անգամ մը եւս կը վկայէ, որ դասական եւ սիրուած ժապաւէնները տարիներու ընթացքին չեն կորսնցներ ազգային արժէքներ ձեւաւորելու իրենց ներուժը եւ կ՚արժանանան ժողովուրդի գնահատանքին։