Search
Close this search box.

Հայագիտական միջազգային գիտաժողով՝ «Մեսրոպ Մաշտոց» մատենադարանի, Սիւնիքի եւ Վայոց Ձորի մարզերուն մէջ

Յուլիս 19-22 «Մեսրոպ Մաշտոց» մատենադարանի հին ձեռագրերու գիտահետազօտական հիմնարկին կազմակերպութեամբ տեղի կ՚ունենայ հայագիտական միջազգային գիտաժողովը, աջակցութեամբ Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի ու մարզանքի նախարարութեան եւ Բարձրագոյն կրթութեան եւ գիտութեան յանձնախումբին:

Գիտաժողովը կ՚ընթանայ Մատենադարանի, Սիւնիքի եւ Վայոց Ձորի մարզերուն մէջ, որուն կը մասնակցին 16 երկիրներէ Հայաստան ժամանած հեղինակաւոր հայագէտներ ու միջնադարագէտներ, հոգեւոր կեդրոններու ներկայացուցիչներ (Անթիլիաս, Զմմառ, Վենետիկ, Վիեննա, Երուսաղէմ):

Յուլիս 17-ին տրւած մամլոյ ասուլիսին Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի ու մարզանքի նախարար Ժաննա Անդրէասեան, Բարձրագոյն կրթութեան եւ գիտութեան յանձնախումբի նախագահ Սարգիս Հայոցեան եւ Մատենադարանի տնօրէն Արա Խզմալեան ներկայացուցած են գիտաժողովին ծրագիրը, նպատակն ու հիմնական ուղղութիւնները:

Հայագիտութեան ռազմավարութեան մշակում

Գիտաժողովին նպատակն է միջազգային մակարդակով հայագիտութեան համակարգուած բնոյթ հաղորդելը, որ իր կարգին կը նպաստէ աշխարհի մէջ գործող հայագիտական կեդրոններու գործունէութեան զարգացման ու կենսունակութեան:

Նախարար Անդրէասեան ընդգծած է գիտաժողովին նախատեսուած քննարկումներուն կարեւորութիւնը, որոնք առաջին հերթին պիտի օգնեն իրականացնելու Կառավարութեան ծրագրով սահմանուած Հայագիտութեան ռազմավարութեան մշակումը:

“Այս կարեւոր ընելիքի շրջանակին մէջ մենք կարիքն ունինք լսելու զանոնք, որոնք ներգրաւուած են աշխարհի տարածքին իրականացուող այդ աշխատանքներուն մէջ: Մեզի համար կարեւոր է լսել, հասկնալ բոլոր դիտարկումներն ու առաջարկները եւ հանդէս գալ հայագիտութեան համապարփակ ռազմավարութեամբ: Հայագիտութեան զարգացումը կառավարութեան առաջնահերթութիւններէն է: Ունինք նաեւ պետական ամավարկով գանձատրուող առանձին ծրագրեր, որոնք կ՚իրականացուին տարբեր երկիրներու համալսարաններուն մէջ հայագիտական կեդրոններ ստեղծելու ուղղութեամբ: 2024-ի դրութեամբ ունինք պետական ամավարկով գանձատրուող 12 պետութիւններու 15 համալսարաններու մէջ գործող հայագիտական կեդրոններ, որոնց գործունէութիւնը շատ կարեւոր է հայագիտութեան զարգացման եւ տարածման համար”,– ըսած է նախարարուհին:

Հայագիտական ցանցային համալսարանի ստեղծում

Տիկին Անդրէասեան տեղեկացուցած է հայագիտական ցանցային համալսարանի ստեղծման մասին, որու նպատակն է համակարգել բոլոր կեդրոններու գործունէութիւնը եւ ձեւաւորել համագործակցութիւն տարբեր օղակներու միջեւ:

Ան յոյս յայտնած է, որ գիտաժողովը խթան կը հանդիսանայ հայագիտութեան զարգացման համար, կը նպաստէ սոյն բնագաւառի երկխօսութեան կայացման ուղղութեամբ կարեւոր ծրագրերու մեկնարկին եւ կ՚ըլլայ շարունակական:

Նշենք, թէ նոյն օրը տիկին Անդրէասեանի մասնակցութեամբ տեղի ունեցած է պատմական հանդիպում մը՝ աշխարհի յայտնի ձեռագրական հոգեւոր կեդրոններու՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի, Վենետիկի Մխիթարեան միաբանութեան, Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքարանի, Վիեննայի Մխիթարեան միաբանութեան, Զմմառու Պատրիարքական կղերի միաբանութեան, Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանի ներկայացուցիչներուն միջեւ:

Գիտաժողովը կը համախմբէ աշխարհի նշանաւոր  համալսարաններու հայագէտները

Մատենադարանի տնօրէն Արա Խզմալեանի համաձայն՝ գիտաժողովը կը համախմբէ աշխարհի նշանաւոր համալսարանական գիտական կեդրոններու հայագէտները: Ակնկալիքները մեծ են, քանի որ գիտաժողովին կը մասնակցին Օքսֆորտի, Հարվըրտի, Ժընեւի, Վենետիկի, Պոլոնիայի, Սորպոնի, Հռոմի (Լա Սափիենցա), Գահիրէի, Համպուրկի, Միւնիխի, Սալցպուրկի, Վիեննայի եւ այլ հեղինակաւոր համալսարաններու օտար անուանի հայագէտները:

Բարձրագոյն կրթութեան եւ գիտութեան յանձնախումբի նախագահ Սարգիս Հայոցեան նշած է, թէ գիտաժողովը իր տեսակին մէջ առաջին հարթակն է, որ կը միաւորէ աշխարհի բոլոր հանրայայտ հայագէտները:

“Ըստ էութեան, կը ստեղծուի հարթակ մը, ուր տեղի կ՚ունենայ միտքերու արդիւնաւէտ փոխանակում, ինչպէս նաեւ կ՚ուրուագծուին այս ոլորտի զարգացման ուղենիշերը՝ յետադարձ կապ ապահովելով պետական քաղաքականութեան հետ”,– շեշտած է ան:

***

Գիտաժողովի շրջանակին մէջ Յուլիս 19-ին Մատենադարանի յարակից տարածքին մէջ կը կազմակերպուի միջազգային հայագիտական գրատօն (էքսփօ), Յուլիս 20-ին Մատենադարանի թանգարանին մէջ կը բացուի «Մէկ տարուայ յաւերժութիւն» խորագրով ցուցահանդէս, այնուհետեւ տեղի կ՚ունենայ բացօթեայ համերգ՝ մասնակցութեամբ Հայաստանի պետական սենեկային նուագախումբին։

Հայագիտական միջազգային առաջին գիտաժողովի ծիրէն ներս Տաթեւի մէջ կը կազմակերպուին նաեւ Մատենադարանի հեղինակած «Սիւնեաց հոգեւոր միջնաբերդը․ Տաթեւ» խորագրով պատկերագիրքի եւ MEMAS (Medieval and Early Modern Armenian Studies) օտարալեզու գիտական հանդէսի շնորհահանդէսները։

Հայագիտական միջազգային գիտաժողովի յայտագրին կապը հետեւեալն է.

https://escs.am/files/files/2024-07-17/fede707f39e2929a0dd8b93bc45aa8c0.pdf