2024-ին հայ գիտնականները զբաղած են բազմաթիւ կարեւոր հետազօտութիւններով՝ բնական աղէտներէն մինչեւ նորարարական արհեստագիտութիւն: Գիտնականները ուսումնասիրած են Դեբեդի ողողման պատճառները, մշակած են ականներու դէմ կօշիկներու նախագիծ մը, երեւան բերած են նոր յայտնագործումներ՝ Ալցհայմըրի հիւանդութեան դէմ պայքարին մէջ:
Տարին յատկանշուած է նաեւ առաջին համազգային գիտութեան շաբաթով եւ շարժական տարրալուծական կառքի գործարկումով:
Միջազգային վարկ վայելող ամսագրերը անդրադարձած են հայ գիտնականներու հետազօտութիւններուն, որոնք ուղղուած են հանրային կեանքի տարբեր բնագաւառներու բարելաւման:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։