Search
Close this search box.

Հայաստանի ԱԳ նախարարութիւն. «Ռուսաստանի ԱԳ գործընկերներուն  կոչ կ՚ուղղենք կողմնակալ յայտարարութիւններով չխափանելու խաղաղութեան ջանքերը»

 

Օգոստոս 20-ին, Հայաստանի Արտաքին գործոց (ԱԳ) նախարարութեան մամլոյ բանբեր Անի Բադալեան յայտնած է, թէ «Ռուսաստանի ԱԳ նախարարի նախորդ օրուան յայտարարութիւնը ոչ միայն ափսոսանք կը յառաջացնէ, այլեւ կասկածի տակ կը դնէ Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթին մէջ Ռուսաստանի շինիչ ներգրաւումը»:

«Հայաստանի մասին Ռուսաստանի ԱԳ նախարարութեան զանազան պաշտօնատարներու՝ իրականութեան չհամապատասխանող, ակնյայտօրէն կողմնակալ, յաճախ անյարգալից մեկնաբանութիւնները, ցաւօք, շատոնց արդէն նորութիւն չեն եւ եթէ նկատած էք, երկար ժամանակ է, որ մենք նոյնիսկ չենք անդրադառնար անոնց»,– ի պատասխան լրասփիւռներէն ստացուած հարցումներուն՝ յայտարարած է ԱԳ նախարարութեան բանբերը:

Նշենք, թէ նախորդ օր (Օգոստոս 19-ին) Ռուսաստանի ԱԳ նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտարարած էր, թէ ենթակառոյցներու ապաշրջափակման հարցին մէջ գոյացած համաձայնութիւնները Հայաստանի իշխանութիւնը «կը խափանէ», շեշտելով թէ հարցը պէտք է լուծուի 2020-2022 թուականներու եռակողմ յայտարարութիւններուն համապատասխան: