Ֆրանսա կատարած աշխատանքային այցի շրջանակին մէջ Հայաստանի Արտաքին գործոց փոխնախարար Պարոյր Յովհաննիսեան հանդիպում ունեցած է Ֆրանսայի՝ Եւրոպայի հարցերու պատուիրակ նախարար Պենժամէն Հատտատի հետ։ Կողմերը քննարկած են Հայաստան-Ֆրանսա յարաբերութիւններու, ինչպէս նաեւ Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն գործընկերութեան զարգացման կարելիութիւնները։
Դիւանագէտները գոհունակութիւն յայտնած են երկու երկիրներու միջեւ քաղաքական երկխօսության բարձր մակարդակին եւ շարք մը առանցքային ուղղութիւններով ֆրանքեւհայկական համագործակցութեան ամրապնդման կապակցութեամբ։
Պարոյր Յովհաննիսեան իր զրուցակցին ներկայացուցած է Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթը եւ կառավարութեան կողմէ մշակուած «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագիծը։
Անոնք անդրադարձած են նաեւ միջազգային եւ տարածաշրջանային օրակարգի այժմէական հարցերուն:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։