Search
Close this search box.

Հայաստանի Ազգային գրադարանը ձեռք ձգած է երկու հազուագիւտ հրատարակութիւն

Հայաստանի Ազգային գրադարանը իր Դիմագիրքի էջին գրառումով հաղորդած է, թէ ձեռք ձգած է երկու հազուագիւտ հրատարակութիւն։

Գրադարանի գնած այդ գիրքերէն մէկը Եփրեմ Ասորիի «Գիրք աղօթից»-ն է։ Ս. Եփրեմ Ասորի ապրած է 4-րդ դարուն, Ասորիքի մէջ: Ան մինչեւ 5-րդ դարը ներառեալ ապրած տասներկու տիեզերական սուրբ վարդապետներէն մէկն է։ Ծնած է Մծբին քաղաքը, 306-ին, քրիստոնեայ ծնողներէ: Եփրեմ Ասորիի գործերու զգալի մէկ մասը պահպանուած է հայերէն թարգմանութիւններով։

Ասորիի «Գիրք աղօթից» հատորը լոյս տեսած է Կ. Պոլսոյ մէջ, Մարտիրոս Սարգիսեանի տպարանէն, 1734-ին։ Ունի 95 զարդարուն էջ։ Գիրքի յիշատակարանին մէջ հրատարակիչը խնդրած է յիշել իր ծնողքը, եղբայրները։ Ամէնէն վերջն ալ կը խնդրէ յիշել նաեւ զինք. «… զանպիտան տպողս զՄարտիրոս չնչին դպիրս»։

Ազգային գրադարանի օրինակին մէջ կը բացակային գիրքի տիտղոսաթերթը եւ 2-րդ էջը։ Գրադարանը ունէր նոյն գիրքի թուային օրինակը, որ կարելի է գտնել «Հայ գիրք» շտեմարանին մէջ, Մատենադարանի թուայնացուած օրինակէն։

 

Երկրորդ գիրքը 1888-ին Կ.Պոլսոյ Ա. Յ. Պօյաճեան տպարանէն հրատարակուած հայատառ թրքերէն Աստուածաշունչն է։