Համաշխարհային նամակաբաշխութեան միութեան 150-ամեակին առիթով տեղի ունեցող «Կիները դրոշմաթուղթերու մէջ» (She Stamps) արշաւի ծիրէն ներս հրապարակուած է «Տիանա Աբգար» դրոշմաթուղթի վերաբերեալ տեղեկութիւն եւ դրոշմաթուղթին նկարը:
Տիանա Աբգար 1920-ին նշանակուած է Ճափոնի մէջ Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան պատուոյ հիւպատոս։ Ան Հայաստանի առաջին կին դիւանագէտն է եւ աշխարհի մէջ՝ առաջին դիւանագիտական պաշտօն վարող կիներէն մէկը։
Համաշխարհային նամակաբաշխութեան միութիւնը ՄԱԿ-ին մաս կազմող մասնագիտական հիմնարկութիւն մըն է, որուն կ՚անդամակցի 192 պետութիւն: Հայաստան 1992-էն ի վեր սոյն Միութեան անդամ է։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։