Search
Close this search box.

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւն. «Հայ-ազերպայճանական սահմանէն զօրքերու փոխադարձ կարգով հեռացման առաջարկը կը մնայ ի զօրու»

Յունուար 6-ին, Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդած է, թէ Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ բանակցութիւններուն հայկական կողմը մնայուն կերպով հանդէս կու գայ Հայաստան-Ազերպայճան միջպետական սահմանէն զօրքերու փոխադարձ կարգով հեռացման առաջարկով, որ կը շարունակէ մնալ ի զօրու։

«Հայաստանի Հանրապետութիւնը բազմիցս ընդգծած է, որ զօրքերու փոխադարձ կարգով հեռացումը պէտք է տեղի ունենայ Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ միջպետական սահմանէն, հիմք ընդունելով Խորհդային Միութեան վերջին քարտէսները»,– նշուած է Արտաքին գործոց նախարարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ։