Search
Close this search box.

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան Պատուոյ շքանշան՝ SPFA-ի նախագահ Փիէր Ճանիկ Մանիսեանին

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարի խորհրդական Դաւիթ Կարապետեան «X» ընկերային ցանցի իր հաշիւին Օգոստոս 1-ին հրապարակած գրառումով կը տեղեկացնէ. «Այսօր Նախարարութեան Պատուոյ շքանշանը յանձնեցի ֆրանսական SPFA (Ֆրանքեւհայկական բողոքական զօրակցութիւն) մարդասիրական ընկերակցութեան նախագահ Փիէր Ճանիկ Մանիսեանին, որ անոր շնորհուեցաւ Արտաքին գործոց նախարարին հրամանագրով՝ Հայաստանի մէջ ֆրանսախօսութեան զարգացման մէջ իր ներդրած մեծ աւանդին համար»։