Search
Close this search box.

Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի մասնագիտական մարդուժի ներկայացուցիչները կը շարունակեն Արցախի օրակարգով առցանց խորհրդակցութիւնները

Դեկտեմբեր 7-ի երեկոյեան, Արամ Ա. Վեհափառ հայրապետի նախաձեռնած մասնագիտական քննարկումներու հինգերորդ առցանց նիստը կայացած է:

Վեհափառ հայրապետին նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցած եւ նախագահած նիստին մասնակցեցած են փրոֆ. Աշոտ Մելքոնեան, փրոֆ. Ռուբէն Սաֆրաստեան, դոկտ. Արմէն Մարուքեան, փրոֆ. Վահրամ Բալայեան, դոկտ. Վիգէն Չըթըրեան, դոկտ. Խաչիկ Տէր Ղուկասեան, Շահան Գանտահարեան եւ քարտուղար Ահարոն Շխրտըմեան:

Օրակարգի առաջին կէտով Արամ Ա. զեկուցած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ Գոնկրէսի Ներկայացուցիչներու Տան նախագահին եւ գոնկրէսականներու հետ իր ունեցած հանդիպումներուն մասին։ Ան շեշտած է, որ հանդիպումներու ընթացքին անոնց հաղորդած է Արցախի ժողովուրդի հաւաքական վերադարձի, այդ վերադարձը իրականացնելու համար անվտանգութեան միջազգային երաշխիքներու ապահովման եւ ընդհանրապէս Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներու պաշտպանութեան սկզբունքներու հարցերը։

Այնուհետեւ, նիստի երկրորդ մասը յատկացուած է Հայաստանի մէջ գտնուող Արցախի պետական հաստատութիւններուն մէջ գործող անձնաւորութեանց հետ տեղի ունեցած խորհրդակցութիւններուն։

Օրակարգի երկու կէտերուն յաջորդած են աշխարհաքաղաքական եւ տարածաշրջանային նորագոյն իրադարձութիւններու լոյսին տակ քննարկումներ, որոնք ներառած են Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարարութեան Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ բաժնի վարիչին յայտարարութիւնները, Պաքու կատարած այցելութիւնը, Ազերպայճանի նախագահին վերջին յայտարարութիւններն ու Պաքուի մէջ յանկարծակի որոշուած արտակարգ նախագահական ընտրութիւնը։

Արցախի մէջ քրիստոնէական քաղաքակրթութիւնը հարստացուցած հոգեւոր ժառանգութեան պահպանման, գերիներու փոխանակման եւ Պաքուի մէջ պատանդ պահուող նախկին նախագահներու եւ պետական գործիչներու ազատ արձակման ուղղուած իրաւական եւ քաղաքական միջոցներու մասին կատարուած խորհրդակցութիւնները համալրած են օրակարգը։

Վեհափառ հայրապետը իր գոհունակութիւնը յայտնելէ ետք մասնագիտական մարդուժի ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ նման բարձրորակ եւ օգտաշատ քննարկումներու կայացման նկատմամբ՝ շեշտած է, որ անհրաժեշտ է համահայկական օրակարգի կէտերու մշակումը եւ այս պարագային Արցախի նոր իրավիճակի լոյսին տակ հոգեւոր, քաղաքական, դիւանագիտական, իրաւական եւ տեղեկատուական մարզերու մէջ համակարգուած աշխատանք տանիլը։

Առցանց նիստի մասնակիցները շեշտած են, որ այս հարթակին վրայ նման քննարկումներ շարունակելը կենսական նշանակութիւն ունի եւ կրնայ մեծապէս օգտակար հանդիսանալ համահայկական տարողութեամբ աշխատանքներու ուղենիշեր ճշդելու առումով։

Մասնագիտական հարթակի յաջորդ առցանց նիստը տեղի կ՚ունենար Դեկտեմբեր 11-ին։