Search
Close this search box.

Հայաստանի բանակի կազմաւորման 32-րդ տարեդարձին առթիւ յարգանքի տուրք՝ «Եռաբլուր» զինուորական պանթէոնին մէջ

Յունուար 28-ին, Հայաստանի բանակի կազմաւորման 32-րդ տարեդարձին առթիւ, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, Ազգային ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեան, նախագահ Վահագն Խաչատուրեան, «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութեան երեսփոխաններ, կառավարութեան անդամներ եւ բարձրաստիճան պաշտօնատարներ այցելած են «Եռաբլուր» զինուորական պանթէոն՝ յարգանքի տուրք մատուցելու հայրենիքի համար զոհուած քաջորդիներու յիշատակին:

Անոնք ծաղկեպսակ զետեղած են հայրենիքի պաշտպանութեան մարտերու ընթացքին անմահացած հերոսներու յիշատակը յաւերժացնող յուշահամալիրին առջեւ, ծաղիկներ զետեղած սպարապետ Վազգէն Սարգսեանի եւ Զօրավար Անդրանիկի շիրիմներուն: