Search
Close this search box.

Հայաստանի ԲԴԽ-ն դադրեցուցած է Ռուբէն Վարդազարեանի լիազօրութիւնները

Հայաստանի Բարձրագոյն դատական խորհուրդը (ԲԴԽ) որոշած է այդ Խորհուրդի նախագահ Ռուբէն Վարդազարեանի լիազօրութիւնները դադրեցնել եւ ընդառաջել  զայն կարգապահական պատասխանատւութեան ենթարկելու վերաբերեալ դիմումին: «Արմէնփրէս»-ի համաձայն՝ Յունիս 23-ի նիստին՝ որոշումը հրապարակած է ԲԴԽ-ի նախագահի պաշտօնակատար Գագիկ Ջհանգիրեան, աւելցնելով որ՝ որոշումը ի զօրու կը դառնայ հրապարակման պահէն եւ վերջնական է:

Ըստ Ջհանգիրեանի՝ որոշումը ընդունուած է Յունիս 16-ին, սակայն կը հրապարակուի Յունիս 23-ին:

Ռուբէն Վարդազարեանի դէմ կարգապահական հետապնդում յարուցուած է ԲԴԽ-ի երեք անդամներու` Գրիգոր Բեքմեզեանի, Լիպարիտ Մելիքջանեանի, Դաւիթ Խաչատուրեանի նախաձեռնութեամբ եւ այդ նպատակով ստեղծուած է յանձնախումբ մը, որ Մայիս 18-ին ներկայացուցած է կարգապահական հետապնդման դիմումը։

Ըստ այդ դիմումին՝ ենթակային նկատմամբ  կարգապահական նման քայլի նախաձեռնելու շարժառիթ հանդիսացած են Սահմանադրական դատարանի 2022 Մայիս 6-ի թիւ ՍԴՈ-1150 որոշման վերաբերեալ՝ 2022 Մայիս 10-ին «ArmDaily» առցանց թերթին  Վարդազարեանի տուած հարցազրոյցին մէջ տեղ գտած արտայայտութիւնները, որոնք ըստ յանձնախումբին՝ կը խախտեն Բարձրագոյն դատական խորհուրդի անդամի վարքագիծի կանոնները։