Հայաստանի դեսպան Յասմիկ Տոլմաջեան Էքս-ան-Փրովանս քաղաքը այցելութեան ընթացքին հանդիպում ունեցած է քաղաքապետուհի Սոֆի Ժուասէնի հետ։ Հանդիպումին մասնակցած են Ֆրանսայի մէջ Արցախի ներկայացուցիչ Յովհաննէս Գէորգեան եւ Մարսիլիոյ մէջ Հայաստանի աւագ հիւպատոս Արա Մկրտչեան։
Այնուհետեւ դեսպանը եւ քաղաքապետը այցելած են Էքսի «Tapisseries» թանգարանին մէջ բացուած ֆրանսահայ նշանաւոր քանդակագործ Թորոս Ռասթկելենեանի նուիրուած ցուցահանդէսը, ուր ներկայ եղած են քանդակագործի այրին, քաղաքային խորհուրդի անդամներ, լրագրողներ, ֆրանսահայ համայնքի ներկայացուցիչներ։
Տիկին Տոլմաջեան իր ելոյթին շնորհակալութիւն յայտնած է քաղաքապետ Ժուասէնին՝ ֆրանքեւհայկական բարեկամութեան, հայ ժողովուրդի կենսական հարցերու նկատմամբ շարունակական մեծ ուշադրութեան եւ Թորոսի գործերուն ցուցադրութիւնը կազմակերպելուն համար։ Ան անդրադարձած է նաեւ Ազերպայճանի կողմէ Արցախի բնակչութեան դէմ գործադրուած ցեղային զտման, ստեղծուած մարդասիրական ծանր կացութեան եւ Հայաստանի առջև ծառացած մարտահրաւէրներուն։
Իր կարգին, քաղաքապետուհին արժեւորած է 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութեան զոհերու եւ վերապրողներու ժառանգներու մեծ աւանդը՝ Էքս-ան-Փրովանսի զարգացման գործին մէջ։ Ան դատապարտած է Արցախի մէջ տեղի ունեցած վերջին զարգացումները, տասնամսեայ շրջափակումէն ետք Ազերպայճանի լայնածաւալ ռազմական յարձակումը, որ յանգեցուցած է ողբերգական հետեւանքներու՝ Արցախի Հանրապետութեան կազմալուծման եւ ամբողջ հայ բնակչութեան բռնի տեղահանութեան: ■
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։