Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ սահմանազատման հարցով հանդիպումը նախատեսուած է Օգոստոսի վերջը՝ Մոսկուայի մէջ

 

Հայաստանի փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեանի գրասենեակէն «Արմէնփրէս»-ին տեղեկացուցած են, թէ Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ սահմանազատման եւ սահմանային անվտանգութեան հարցերու յանձնաժողովներու հանդիպումը նախատեսուած է Օգոստոսի վերջը՝ Մոսկուայի մէջ: 

Գրասենեակէն նշած են, թէ  քննարկելի հարցերու առանձին օրակարգ այս պահուն որոշուած չէ: