Յուլիս 30-ին, Հայաստանի եւ Թուրքիոյ յարաբերութիւններու բարելաւման հոլովոյթի յատուկ ներկայացուցիչներ՝ Հայաստանի Ազգային ժողովի փոխնախագահ Ռուբէն Ռուբինեան եւ դեսպան Սերտար Քըլըչ հինգերորդ անգամ ըլլալով հանդիպում ունեցած են երկու երկիրներու սահմանի Մարգարա-Ալիճան անցակէտին։
Կողմերը վերահաստատած են նախորդ հանդիպումներուն գոյացած համաձայնութիւնները։
Բացի ատկէ, անոնք պայմանաւորուած են տարածաշրջանային զարգացումներուն համապատասխան գնահատել թեքնիքական կարիքները, որոնք կարելիութիւն կ՚ընձեռեն գործարկելու Ախուրիկ/Աքյաքա երկաթուղիի սահմանային անցակէտը, ինչպէս նաեւ փոխադարձաբար դիւրացնելու մուտքի արտօնութեան ընթացակարգերը դիւանագիտական/պաշտօնական անցագրեր ունեցողներուն համար։
Աւարտին անոնք պատրաստակամութիւն յայտնած են երկխօսութիւնը առանց որեւէ նախապայմանի շարունակելու՝ երկու երկիրներու միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման վերջնական նպատակին հասնելու համար։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։