Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը հաղորդէ, թէ Նոյեմբեր 24-ին Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Սաուտական Արաբիոյ Թագաւորութեան միջեւ Ապու Տապիի մէջ ստորագրուած է դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատելու մասին արձանագրութիւն մը:
Փաստաթուղթը ստորագրուած է Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ Հայաստանի դեսպան Կարէն Գրիգորեանի եւ Սաուտական Արաբիոյ Թագաւորութեան դեսպան սուլթան պին Ապտալլահ Ալ-Լուայհան ալ-Անքարի կողմէ։
Նշենք, թէ անկախացումէն ի վեր Երեւան եւ Ռիատ դիւանագիտական յարաբերութիւն չեն ունեցած:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։