Search
Close this search box.

Հայաստանի եւ Վրաստանի վարչապետերու մասնակցութեամբ շահագործման յանձնուեցաւ «Բարեկամութիւն» կամուրջը

«Արմէնփրէս» – Հայաստանի եւ Վրաստանի միջպետական սահմանի Բագրատաշէն-Սադախլու անցակէտի տարածքին, Օգոստոս 19-ին պաշտօնապէս շահագործման յանձնուեցաւ Դեբեդ գետի վրայ կառուցուած նոր կամուրջը։

Ընդհանուր առմամբ կառուցուած է երկու կամուրջ՝ իրարմէ 1 մեթր հեռաւորութեամբ: Իւրաքանչիւր կամուրջի լայնքը 11,85 մեթր է, ընդհանուր լայնքը՝ շուրջ 25 մեթր. իսկ երկայնքը 160 մեթր է: «Բարեկամութիւն» կամուրջի շինարարութիւնը սկսած էր 2021 Մայիսին:

«Բարեկամութիւն» անունը ստացած նոր կամուրջի պաշտօնական բացման արարողութեան մասնակցելու համար երկու կողմէն ժամանած էին Հայաստանի եւ Վրաստանի կառավարութիւններու ղեկավարները: Հայ-վրացական անցակէտին վրայ տեղի ունեցած հանդիպումէն ետք, Նիկոլ Փաշինեան եւ Իրաքլի Ղարիպաշվիլի հանդէս եկան յայտարարութեամբ՝ շնորհաւորելով կամուրջին գործարկումը:

Հայաստանի վարչապետը նշեց, որ երկու երկիրներու միջև կանոնաւոր ուղեւորութիւններ եւ փոխադրութիւններ կը կատարուին թէ՛ ցամաքային, թէ՛ օդային ուղիներով: Ինչ կը վերաբերի բեռներու փոխադրութեան, ապա անհրաժեշտ է յաւելեալ միասնական ջանքեր գործադրել ապրանքներու դիւրին փոխադրումը ապահովելու համար։ Այս համածիրին մէջ Փաշինեան ընդգծեց նաև երկաթուղային եւ տարբեր միջոցներու, մասնաւորապէս՝ լաստանաւային փոխադրումներու ընդլայնման կարեւորութիւնը։