Search
Close this search box.

Հայաստանի եւ Ֆրանսայի ռազմական ակադեմիաներու ներկայացուցիչները քննարկած են համագործակցութեան առնչուող հարցեր

Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաղորդագրութեամբ մը կը տեղեկացնէ, թէ Ֆրանսայի Հանրապետութեան բանակի Սէն-Սիր ռազմական ակադեմիայի ղեկավար կազմի ներկայացուցիչները Փետրուար 2-ին այցելած են «Վազգէն Սարգսեան» ռազմական ակադեմիա, ուղեկցութեամբ երեսփոխան, Ազգային ժողովի պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան հարցերու մնայուն յանձնաժողովի փոխնախագահ Արմէն Խաչատրեանի:

Ֆրանսացի հիւրերը ծանօթացած են ռազմակայանի պայմաններուն, կարելիութիւններուն ու կրթական ծրագրերուն, հայկական կողմին հետ քննարկելով համագործակցութեան առնչուող հարցեր։

Նոյն օրը, Պաշտպանութեան փոխնախարար Արման Սարգսեանի եւ Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Օլիվիէ Տըքոթինյիի մասնակցութեամբ ակադեմիայի մէջ բացումը կատարուած է ֆրանսերէնի արդիական լսարանին։ 

Կարմիր ժապաւէնը կտրած են երկու ակադեմիաներու գործակցութեան շրջանակին մէջ Հայաստան կրթութիւն ստացող ֆրանսացի ուսանող մը եւ նոյն նպատակով Ֆրանսա մեկնող հայ ուսանող մը: