Դանիէլ Դանիէլեան
Կառավարութեան կողմէ առաջարկուող օրէնքի նոր նախագծով, ի շարս այլ փոփոխութիւններու, կ՚ընդգծուի, որ մշակութային հաստատութիւնները «ազգային» բառի փոխարէն իրենց անունին մէջ կրեն «պետական» բառը:
Սեպտեմբեր 3-ին, օրէնքի նախագիծը ներկայացուցած է Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարզանքի (ԿԳՄՄ) փոխնախարար Դանիէլ Դանիէլեան՝ Ազգային ժողովի ԿԳՄՄ հարցերոու յանձնաժողովի նիստին:
“Արժեւորելով պետութիւնը, պետականութիւնը եւ պետական արժէքները՝ մենք առաջարկում ենք, որ օրէնքում ազգային բառը փոխարինուի պետական բառով: Հիմնարկութիւնները՝ թատրոնները, դահլիճները, որոնք մինչեւ այս կրում էին ազգային բառը, կը կրեն պետական բառը”,– յայտնած է փոխնախարարը, աւելցնելով.
“Պէտք է լինի պետական գործունէութեան հասկացութիւն: Եթէ որեւէ թատրոն ունի պետական կարգավիճակ, ապա իր գործունէութիւնը պէտք է լինի համապետական: Անհրաժեշտ է աւելի արժեւորել պետութիւն, պետական եւ պետականութիւն բառերը”:
Նիստին ներկայ ԿԳՄՄ նախարար Ժաննա Անդրէասեան ալ ընդգծած է. “Հաշուի առնելով այն հանգամանքը, որ պետութիւնը բարձրագոյն արժէք է՝ մենք առաջնորդւում ենք նրանով, որ մեր սանդղակը պէտք է կարգաբերենք պետութեան համեմատ: Օրէնքի նախագիծը հէնց այս գաղափարն է արտացոլում”:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։