Search
Close this search box.

Հայաստանի Հանրապետութիւնը կը ճանչնայ Պաղեստինի պետութիւնը

 

Արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդագրութիւնը

«Կազայում տիրող աղէտալի մարդասիրական իրավիճակը եւ շարունակուող ռազմական հակամարտութիւնը այսօր միջազգային քաղաքական օրակարգի՝ լուծում պահանջող առաջնահերթ խնդիրներից մէկն է: Հայաստանի Հանրապետութիւնը կտրականապէս մերժում է զինուած հակամարտութեան ընթացքին քաղաքացիական ենթակառոյցների թիրախաւորումը, քաղաքացիական բնակչութեան դէմ բռնութիւնները եւ քաղաքացիական անձանց պատանդառումն ու գերեվարումը եւ միանում առանց նախապայմանների նրանց ազատ արձակման միջազգային հանրութեան պահանջներին:

Հայաստանի Հանրապետութիւնը միացել է ՄԱԿ-ի Գերագոյն ատեանի բանաձեւերին, որոնք կոչ են անում անյապաղ հրադադար հաստատել Կազայում: Աւելի՛ն, ՀՀ-ն անկեղծօրէն շահագրգռուած է Մերձաւոր Արեւելքում խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատմամբ, հրեայ եւ պաղեստինցի ժողովուրդների միջեւ տեւական հաշտութեան կայացմամբ: Միջազգային տարբեր հարթակներում մենք մշտապէս հանդէս ենք եկել Պաղեստինեան հարցի խաղաղ եւ համապարփակ կարգաւորման օգտին եւ պաշտպանում ենք իսրայէլա-պաղեստինեան հակամարտութեան լուծման՝ «երկու պետութիւն» սկզբունքը:

Համոզուած ենք, որ դա միակ ճանապարհն է երաշխաւորելու, որ պաղեստինցիներն ու իսրայէլացիները կարող են իրականացնել իրենց օրինական ձգտումները:

Ելնելով վերոնշեալից եւ վերահաստատելով իր հաւատարմութիւնը միջազգային իրաւունքին եւ ժողովուրդների հաւասարութեան, ինքնիշխանութեան ու խաղաղ համակեցութեան սկզբունքներին՝ Հայաստան ճանաչում է Պաղեստինի պետութիւնը»:

 

Թուրքիա կ՚ողջունէ Հայաստանի կողմէ Պաղեստինի պետութեան ճանաչումը

Թուրքիոյ Արտաքին գործոց նախարարութիւնը կ՚ողջունէ Պաղեստինի պետութիւնը ճանչնալու Հայաստանի որոշումը։

Թրքական «Անատոլու» լրատու գործակալութեան համաձայն՝ Թուրքիոյ Արտաքին գործոց նախարարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, թէ Անգարա գոհունակութիւն կը յայտնէ Պաղեստինի պետութիւնը ճանչնալու Հայաստանի որոշումին կապակցութեամբ։

 

Պաղեստինի ազգային իշխանութեան նախագահին գրասենեակը շնորհակալութիւն կը յայտնէ Հայաստանին

Պաղեստինի ազգային իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպասի գրասենեակը շնորհակալութիւն կը յայտնէ Հայաստանին՝ Պաղեստինի պետութիւնը ճանչնալու որոշումին կապակցութեամբ։

«Հայաստանի իմաստուն քայլը կը համապատասխանէ երկու պետութիւններու (Իսրայէլ եւ Պաղեստին) խաղաղ գոյակցութիւն նախատեսող ծրագրի»,– նշուած է Գրասենեակին հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ։

 

Իսրայէլ կը հակազդէ

Իսյայէլի վարչապետի աշխատակազմի խորհրդական Տմիթրի Կենտելման ընկերային ցանցերու մէջ գրառած է հետեւեալը.

«Հայաստանի կողմէ Պաղեստինի պետութեան ճանաչումը մրցանակ է ՀԱՄԱՍ-ի և այլ պաղեստինեան խմբաւորումներու, ահաբեկիչներու եւ մարդասպաններու համար։ 

Այս քայլը լուրջ հետեւանքներ պիտի ունենայ Իսրայէլի եւ Հայաստանի յարաբերութիւններուն վրայ»։