Search
Close this search box.

ՖՈՒԹՊՈԼ – Ազգերու լիկա. Հայաստանի հաւաքականը 0-3 պարտուեցաւ Ուքրաինայէն 

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային խումբը 2023-ի Ազգերու լիկայի երրորդ հանդիպումին կը մրցէր Ուքրաինայի հաւաքականին հետ:

Ուքրաինայի մէջ տիրող ծանօթ իրավիճակին պատճառով Լեհաստանի Լոց քաղաքին մէջ տեղի ունեցած մրցումի առաջին կիսախաղը աւարտեցաւ 0-0 արդիւնքով, երկու կողմերու գրոհներու ամլութենէն ետք:

Ուքրաինա երկրորդ կիսախաղը սկսաւ բուռն գրոհներով եւ 61-րդ վայրկեանին յաջողեցաւ բանալ հաշիւը Մալինովսքիի հեռահար հարուածով: Այնուհետեւ, Հայաստանի յետսապահներու յաջորդական կոպիտ սխալներէն օգտուելով՝ խաղին 77-րդ եւ 84-րդ վայրկեաններուն հաշիւը 3-0 դարձուցին Քարավաեւ եւ Մուքոլենքօ: 

Այս խմբակին (Բ. խումբ, թիւ 1 խմբակ) միւս մրցումին Իռլանտա նոյն հաշիւով՝ 3-0 յաղթեց Սկովտիոյ։ 

Մրցաշարքի իր չորրորդ մրցումին՝ Հայաստանի հաւաքականը Յունիս 14-ին Երեւանի մէջ պիտի ընդունի Սկովտիոյ ընտրանին: Հանդիպումը կը սկսի հայաստանեան ժամով 20.00-ին: