Search
Close this search box.

«Հայաստանի հետ լարուած կացութեան ենթախորքին՝ Ազերպայճան անօդաչու սարքեր եւ ռազմամթերք կը գնէ»

 

Դեսպան Տիգրան Բալայանի հարցազրոյցը՝ Brussels Signal-ին

Եւրոպական Միութեան մէջ Հայաստանի ներկայացուցչութեան ղեկավար, դեսպան Տիգրան Բալայեան Brussels Signal-ի հետ հարցազրոյցին յայտարարած է, թէ Ազերպայճան Հայաստանի հետ լարուած կացութեան ենթախորքին արտասահմանէն անօդաչու սարքեր եւ ռազմամթերք կը գնէ, որոնք, ըստ ստացուած տեղեկութիւններու՝ կու գան նաեւ Իսրայէլէն եւ Թուրքիայէն։

Հայաստան հետեւած է զինամթերքի գնումներուն, որոնք, ըստ տեղեկութիւններու, Ազերպայճան հասած են ռազմական թռիչքներով՝ այդ կարգին Իսրայէլէն եւ Թուրքիայէն: Այս առաքումները, ենթադրաբար, կը ներառեն նաեւ անօդաչու սարքեր:

“Ազերպայճանի ռազմամթերքի 60 կամ 70 տոկոսը կու գայ Իսրայէլէն, այնուհետեւ Թուրքիայէն”,– ըսած է Բալայեան:

Դեսպանը նաեւ նշած է, թէ աւելցած են ռազմական թռիչքները Սերպիայէն, որ վերջերս յայտարարած է Ազերպայճանին որոշ հրետանային ռազմական սարքեր վաճառելու համաձայնութեան մասին:

Բալայեան խօսելով Ազերպայճանի վերջին յարձակման մասին, որու հետեւանքով 4 հայ զինուոր նահատակուեցաւ, յայտնած է, որ այդ գործողութիւնը Պաքուի պատասխանն է Եւրոպական Միութեան (ԵՄ) հետ Հայաստանի համագործակցութեան բարձր մակարդակին։

“Այդ յարձակումը պատգամ մըն էր ոչ միայն Հայաստանին, այլ նաեւ Պրիւսէլին”,– ըսած է դեսպանը՝ աւելցնելով, որ յարձակումը տեղի ունեցած է ԵՄ-Հայաստան գործընկերութեան խորհուրդի նիստէն քանի մը ժամ առաջ։

Դեսպանը յարձակումը որակած է բացայայտ մարտահրաւէր՝ ուղղուած տարածաշրջանին մէջ ԵՄ-ի «իշխանութեան»:

Ան յայտարարած է, որ Ազերպայճան մտադիր չէ վերջ տալու Հայաստանի հետ հակամարտութեան։

“Հակառակ բոլոր նախազգուշական կոչերուն՝ Ազերպայճան չէ դադրեցուցած իր յարձակողական հռետորաբանութիւնը, ռազմական գործողութիւնները, սպանութիւնները եւ հրահրումները”,– յայտնած է դեսպան Բալայեան:

«Ազերպայճան կը պղծէ Լեռնային Ղարաբաղի հայկական գերեզմանները»

Նոյն հարցազրոյցին, դեսպանը նշած է, թէ Ազերպայճան կը պղծէ Արցախի մէջ Հայերու գերեզմանները եւ սկսած է ոչնչացնել շրջանի նախկին հայ բնակչութեան պատկանող կրօնական յուշարձանները, աւելցնելով, որ հայկական կողմը ունի բազմաթիւ տեսանիւթեր եւ ապացոյցներ, թէ ինչպէս Ազերպայճանցիները կ՚աւերեն հայկական գիւղերու գերեզմանատուներն ու եկեղեցիները։

Ան ըսած է, թէ վանդալական արարքի հետեւանքով աւերուած է նաեւ իր հայրենի գիւղի եկեղեցին։ Ազերպայճան վերցուցած է նաեւ հայկական խորհրդանիշերը մեծ շէնքերու վրայէն։ “Լեռնային Ղարաբաղի բոլոր հայկական եկեղեցիներէն բոլոր խաչերը հանուած են բռնագրաւող զինուորներուն կողմէ”,– ըսած է ան։

Պելճիքական լրասփիւռը հաղորդած է, որ Բալայեանի պնդումները կտրականապէս կը հակադրուին վերջին շաբաթներու ընթացքին Ազերպայճանի պաշտօնատարներու կողմէ կատարուած յայտարարութիւններուն, եւ աւելցուցած, թէ «կովկասեան երկու երկիրներու միջեւ լարուած վիճակը կրկին սրուեցաւ, երբ սահմանին տեղի ունեցած բախումին հետեւանքով սպանուեցան չորս հայ զինուորներ»։

«Brussels Signal»-ի հետ հարցազրոյցին, Ազերպայճանի նախագահի ներկայացուցիչ Էլչին Ամիրբեկով իր կարգին պնդած է, որ Ազերպայճան կ՚ողջունէ տարածաշրջանը լքած Հայերու վերադարձը, զանոնք նկատելով Ազերպայճանի քաղաքացիներ՝ իր երկրի միւս ցեղային փոքրամասնութիւններուն նման: