Հայաստանի ճատրակի տղոց հաւաքականը՝ Ողիմպիականի արծաթէ մետալակիր        

Օգոստոս 9-ին Հայաստան՝ ճատրակի տղոց համաշխարհային ողիմպիականի փոխախոյեան դարձած է: Հնդկաստանի Չեննա քաղաքին մէջ տեղի ունեցող ճատրակի համաշխարհային 44-րդ Ողիմպիականի վերջին մրցումներէն առաջ առաջատար դիրքի վրայ գտնուող երկու երկիրներու՝ Ուզպէքստանի եւ Հայաստանի հաւաքականները վերջին խաղերուն ալ յաղթած են իրենց մրցակիցներուն։ Հայաստանի հաւաքականը 2,5-1,5 կէտով յաղթած է Սպանիոյ խումբին: Յաղթանակի կէտը ապահոված է առաջատար՝ Գաբրիէլ Սարգսեան։ Ուզպէքստանի ճատրակ խաղացողները նոյն հաշիւով յաղթած են Նետերլանտներու խումբին։ 

Այսպէսով, Ուզպէքստանի եւ Հայաստանի հաւաքականները ձեռք ձգած են ընդամէնը 19-ական կէտ, սակայն, ցաւօք, Ուզպէքստանի հաւաքականը յաղթանակներու թիւի առաւելութեամբ գերազանցելով Հայաստանին՝ շահած է ողիմպիական ոսկին, իսկ Հայաստանի ճատրակ խաղացողները նուաճած են ողիմպիական արծաթը։

Խմբագրական