Հայաստանի ազգային ֆիլհարմոնիք նուագախումբի նոր համերգաշրջանը կը սկսի Սեպտեմբեր 12-ին Երեւանեան միջազգային փառատօնով։
Յուլիս 18-ին, նուագախումբի գեղարուեստական ղեկավար էդուարդ Թոփչեան լրագրողներու հետ ասուլիսին հաղորդած է, թէ փառատօնի շրջանակին մէջ ելոյթներ պիտի ունենան հանրայայտ երաժիշտներ։
«Հոկտեմբեր 6-ին տեղի ունենալիք բացառիկ համերգին Հայաստանի ազգային ֆիլհարմոնիք նուագախումբին հետ հանդէս պիտի գայ սպանացի օփերայի երգիչ, թենոր Փլասիտօ Տոմինկօ»,– ըսած է ան։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։