Ֆրանսական La Croix թերթը կը գրէ, թէ Ֆրանսայի իշխանութիւնները մտահոգ են ի տես Հայաստանի մէջ ֆրանսական կառոյցներու դէմ ապատեղեկատուական արշաւներու աշխուժացման։
Այս յարձակումներուն գլխաւոր թիրախը Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Օլիվիէ Տըքոթինյին է։
Լրագրող Թոմա Կիշառ կը նշէ, որ ի պատասխան Ֆրանսայի կողմէ Արցախի մէջ ազերպայճանական յարձակման դատապարտման, հրապարակուած է մանկապոռնկագրական կեղծուած տեսանիւթ մը, ուր ցոյց կը տրուի, թէ ինչպէս դեսպան Տըքոթինյի իբրեւ թէ մանկապղծութիւն կը կատարէ։ Հաստատուած է, որ այս տեսանիւթը կը սփռուի ռուսական պոռնկագրական կայքէ մը եւ կեղծուած է, արատաւորելու համար դեսպանը:
Այնուհետեւ, մեղադրանքներու «հարուստ» տեսականի մը յարուցուած է ֆրանսացի դիւանագէտին դէմ՝ քոքայինի առեւտուր, հակասեմականութիւն, աջակցութիւն Համասին, Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան՝ PKK-ին: La Croix-ի լրագրողը կը գրէ, թէ այս յարձակումներու ետին կանգնած է Լէօ Նիկոլեանը, որ սիրողական տեսանկարահանող մըն է, մօտիկ՝ ֆրանսացի դեղին փաճկոնաւորներուն:
La Croix-ի տեղեկութիւններուն համաձայն՝ Օլիվիէ Տըքոթինյի զրպարտութեան համար բողոք ներկայացուցած է Լէօ Նիկոլեանի դէմ Փարիզի արդարադատութեան դատարանի 17-րդ քրէական պալատին։ Ֆրանսական իշխանութիւնները նկատած են, որ ընկերային ցանցերու մէջ Նիկոլեանի հրապարակումները՝ Ռուսաստանի կամ Ազերպայճանի հետ կապուած հաշիւներու կողմէ անմիջապէս կ՚առնուին, վերարտադրութեան համար։
«Վէոլիա» խումբի հայաստանեան ընդհանուր տնօրէն Մարիաննա Շահինեան նոյնպէս զրպարտութեան համար բողոք ներկայացուցած է Լէօ Նիկոլեանի դէմ, ինչպէս Տըքոթինյիի նախորդը՝ Անն Լույօ (2021-2023), Հայաստանի մէջ Ֆրանսական համալսարանի (UFAR) տեսուչ Սալվա Նաքուզի եւ երկու ֆրանսացի գործարարներ։
Այս հռետորաբանութիւնը Ազերպայճանէն՝ ամէն կողմէ հասնող յարձակումներուն մէկ մասն է, կ՚ըսէ լրագրողը։ Ֆրանսան ամէն անգամ չ՚արձագանգեր՝ չնպաստելու համար անոնց «գովազդում»-ին։ Այս կեղծ լուրերով հետապնդուած նպատակը, ըստ Փարիզի, ոչ թէ որեւէ բանի մասին համոզելն է, այլ շփոթութիւն սերմանելը։ Օտարերկրեայ թուային միջամտութեան դէմ զգօնութեան եւ պաշտպանութեան ֆրանսական ծառայութիւնը (Viginum), օրինակ, յաջողած էր բացայայտել Պաքուի աջակցած արշաւը, որ 2023 թուականի ամառէն իսկ արդէն կոչ կ՚ընէր պոյքոթի ենթարկելու Փարիզի Ողիմպիական խաղերը: ■
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։