Մարտ 21-ին, Հանրապետութեան նախագահի նստավայրին մէջ պաշտօնապէս սկսած են աշխարհահռչակ արուեստագէտ, երգիչ Շառլ Ազնաւուրի ծննդեան 100-ամեակին նուիրուած յոբելի-նական ձեռնարկները։ Ներկայ եղած են վարչապետի աշխատակազմի ղեկավար Արայիկ Յարութիւնեան, Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարզանքի նախարար Ժաննա Անդրէասեան, բարձրաստիճան այլ պաշտօնատարներ, երեսփոխաններ, Ազնաւուր ընտանիքի անդամներ։
Նախագահ Խաչատուրեան իր ողջոյնի խօսքին մէջ բարձր գնահատած է Ազնաւուրը՝ իբրեւ երգահան, երգիչ, տաղանդաւոր դերասան, մեծ բարերար եւ Հայաստանի դեսպան, որ իր հարուստ ստեղծագործական կեանքի ընթացքին կերտած է միջազգային համբաւ վայելող անմահ արժէքներ։
Նշենք, թէ Շառլ Ազնաւուրի ծննդեան 100-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու շարքին թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ արտասահմանի մէջ տեղի պիտի ունենան բազմաթիւ միջոցառումներ՝ համերգներ, ֆիլմերու ցուցադրութիւններ, ցուցահանդէսներ եւ այլն: ■
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։