Search
Close this search box.

Հայաստանի մէջ Ռուսաստանի դեսպանը կանչուած է Արտաքին գործոց նախարարութիւն

 

Հոկտեմբեր 23-ին հեռատեսիլի «Առաջին ալիք» համառուսաստանեան կայանէն սփռուած յայտագրի մը ընթացքին խիստ նուաստացուցիչ զրպարտութիւններ հնչած են Հայաստանի իշխանութիւններու հասցէին։ Այս առնչութեամբ՝ Հայաստանի մէջ Ռուսաստանի դեսպան Սերկէյ Քոփիրքին կանչուած է Արտաքին գործոց նախարարութիւն: 

Հանդիպման ընթացքին դեսպանին յանձնուած է համապատասխան բողոքագիր: